Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնդկաստանի Դեսպանը Պայրագտարեանին Կը Խոստանայ Քանդուած Մարմնակրթական Կառոյցները Վերաշինել

February 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Մոհամետ Նուր Ռահման Շէյխը:

Նախարարը դեսպանին հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան մօտ օրէն յայտարարելիք ծրագիրներուն մէջ թուայնացումի ոլորտին մէջ հնդկական փորձառութենէն օգտուելու կարելիութիւնը:

Դոկտ. Պայրագտարեան իր հիւրին ներկայացուց կացութիւնը Լիբանանի մէջ մարմնակրթական կառոյցներուն, որոնք իսրայէլեան յարձակումին պատճառով ամբողջովին կամ մասնակի կերպով քանդուած են, եւ արծարծեց կարգ մը կառոյցներու վերաշինութեան համար Հնդկաստանի` Լիբանանի կողքին կանգնելու կարելիութեան հարցը:

Հնդկաստանի դեսպանը խոստացաւ իրագործել նախարար Պայրագտարեանի փափաքը:

Նախարարութեան եւ դեսպանատան միջեւ կապ պիտի հաստատուի անմիջապէս, որ ամբողջանայ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութեան ու Հարաւի խորհուրդին միջեւ համակարգաբար պատրաստուող ուսումնասիրութիւնը` մշակելու համար գործադրութեան շրջագիծը եւ ձեռնարկելու աշխատանքի:

Պայրագտարեան երէկ ընդունեց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի մէջ ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանը, որ նախարարին հետ քննարկեց կազմակերպութեան եւ նախարարութեան միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Այս առումով դոկտ. Պայրագտարեան առաջարկեց գաղափարը ստեղծելու թուային շքամուտք (փորթըլ) մը, որուն նպատակը երիտասարդներու համարկումն ու իրար միջեւ հաղորդակցութիւնն է, ինչպէս նաեւ գիւղական շրջաններուն մէջ կարելիութիւններ ստեղծող ծրագիրներու հաստատումը:

Նախարարը նաեւ ընդունեց Ամալ շարժումի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին դոկտ. Ալի Եասին եւ մարմնակրթութեան բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Մազել Քպէյսի:

 

Նախորդը

Ապու Ֆաուր. «Ժապալ Արապի Մէջ Սուլթան Փաշա Աթրաշի Թոռները Պիտի Տապալեն Իսրայէլացի Թշնամիի Հին-Նոր Սադրանքը»

Յաջորդը

Սայեղ. «Օդակայանի Ճամբան Կուսակցութեան Մը Կամ Համայնքի Մը Սեփականութիւնը Չէ Եւ Պէտք Է Բանակին Ու Ապահովական Ուժերուն Կողմէ Պաշտպանուած Ըլլայ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.