Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Իրաքի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Ահմետ Մուպարքեհի հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ «հարուստ եւ խոր երկկողմանի յարաբերութիւնները»:
Պայրագտարեան գնահատեց իր իրաքցի պաշտօնակիցին մէկ ամիս առաջ Պաղտատի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի վերջին նիստի ընթացքին Լիբանանի եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան յարձակումներէն վնասուած մարմնակրթական եւ երիտասարդական կառոյցներու վերաշինութեան սնտուկ ստեղծելու կոչը, որուն վերաբերեալ խորհուրդը որոշում մը որդեգրեց:
Պայրագտարեան հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Լիբանանի նկատմամբ Իրաքի դիրքորոշումը յառաջադէմ է, եղբայրական, անկեղծ ու բազմազան: Անոնք մեր կողքին կանգնեցան բոլոր առիթներուն ընթացքին, վերջինը գնահատելի նախաձեռնութեամբը ստեղծելու սնտուկ մը, որ որդեգրուեցաւ Արաբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարներու խորհուրդին կողմէ, որոշում մը, որուն խորապէս կարիքը ունինք, որովհետեւ նախարարութիւնը յարձակումէն վնասուած կառոյցներու վերաշինութիւնը առաջնահերթ հարց ճշդեց»:
«Շնորհակալութիւն դոկտ. Մուպարքեհին այս նախաձեռնութեան համար: Անոր հետ քննարկեցինք գործադրութեան մեքանիզմը արագօրէն ստեղծելու կարելիութիւնները, եւ երկու կողմերէն աշխատանքային միացեալ խումբի մը պարտականութիւն տուինք զայն պատրաստելու, մինչ Հարաւի խորհուրդի խումբերը կ՛աշխատին պատրաստութեանը վրայ դաշտային թեքնիք ամբողջական թղթածրարի մը վրայ, որ կը ճշդէ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով մարմնակրթական ու երիտասարդական կառոյցներուն հասած վնասները, ինչպէս նաեւ փափաք յայտնեցի, որ միացեալ գործունէութիւններու նոր ծրագիրներու մեկնարկը տեղի ունենայ, եւ շատ շուտով ատիկա պիտի կատարուի», եզրափակեց Պայրագտարեան: