Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարեց. «Լիբանան կրնայ խաղաղութեան «Աբրահամեան համաձայնագիրներուն» միանալ, ինչպէս նաեւ Սուրիան եւս կրնայ ատիկա ընել»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը:
Ամերիկացի պատուիրակը Ուաշինկթընի մէջ հրէական-ամերիկեան յանձնախումբի ձեռնարկին իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծած է. «Շարք մը խոր փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան»: