Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի «Ինտիփենտընթ Արապիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի դիրքը չափազանց մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ներկայ շրջադարձի զգայուն փուլին, մանաւանդ որ կառավարիչը հիմնական դերակատարութիւն ունի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն, դրամատնային մարզի եւ Կեդրոնական դրամատան վերադասաւորման, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու ելեւմտական բարելաւման ծրագիրներու մշակման մէջ»:
«Պատմականօրէն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը ունեցած է Լիբանանի ելեւմտական ու տնտեսական կացութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքական կացութեան վրայ ժխտական ու դրական ազդեցութիւններ:
«Կեդրոնական դրամատունը ունի ոսկիի պահեստ մը, որ ներկայիս կ՛արժէ 28 միլիառ տոլար, եւ ասիկա ներկայիս տեղական իրողական արտադրութեան ծաւալին մօտ է: Ոսկի գնելու քաղաքականութիւնը տարիներէ ի վեր կեդրոնական դրամատան կառավարիչի դրական կէտերէն մէկը եղած է: Միւս կողմէ, անոր կիրարկման ելեւմտական ու քաղաքական քայլերը շատ ժխտական ազդեցութիւններ ունէին», ըսաւ Հասպանի:
«Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի քաղաքական իշխանութեան հետ աշխատելաոճը մեծապէս կ՛ազդէ գործին վրայ, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հաստատութեան քաղաքական իշխանութենէն ամբողջական անկախութեան պահպանման եւ վարկերու տրամադրման օրէնքին մէջ նշուած գործնական յարաբերութիւններու յարգումին: Ուստի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը պէտք է նաեւ անկախ ըլլայ եւ կարող` դիմակայելու քաղաքական դասը, որուն շահերը երբեմն կրնան միախառնուիլ դրամատնային մարզին հետ, որուն վրայ կը հսկէ Կեդրոնական դրամատունը եւ զայն կը կազմակերպէ», նշեց երեսփոխանը:
«Կառավարիչի աշխատանքի յաջողութեան նպաստող արժանիքներն են տնտեսական քաղաքականութեան ու ելեւմուտքի կառավարման քաջածանօթութիւնը եւ փորձառութիւնը հասարակական կառավարման ու կազմակերպման մէջ, պետական ելեւմուտքին ծանօթութիւնը, կառավարութեան կամ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ գործելու կերպին մէջ փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ փորձառութիւնը հասարակական կեանքին առնչուած հաստատութեան մը ղեկավարման աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ թեքնիք եւ վարչական փորձառութիւնը», յայտնեց երեսփոխանը:
«Նաեւ շատ կարեւոր է, որ այդ պաշտօնը ստանձնելիք անձը բարձր հաւաստիութիւն ու լաւ վարկ ունենայ, եւ չունենայ որեւէ շահի բախում կամ քաղաքական ու ելեւմտական համարատուութիւններ, որոնք կ՛ազդեն անոր աշխատանքին վրայ», եզրափակեց Հասպանի: