Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Սալիմ Սայեղ յայտնեց. «Հըզպալլան իր նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի երէկուան յուղարկաւորութենէն ետք չի կրնար ըսել, թէ իր հակակշիռէն դուրս եղող անձեր կան»:
Սայեղ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Այն, ինչ որ երէկուան տեսարանէն ինծի նեղութիւն պատճառեց լիբանանեան դրօշներու չգոյութիւնն էր»:
«Օդակայանի ճամբան կուսակցութեան մը կամ համայնքի մը սեփականութիւնը չէ, եւ պէտք է բանակին ու ապահովական ուժերուն կողմէ պաշտպանուած ըլլայ: Արգիլուած է, որ այդտեղ մէկը խմբակային կամ կուսակցական երեւոյթով երեւան գայ», շեշտեց ան:
«Անցաւ այն ժամանակը, երբ իրանցին մեզի բեմերէն կը յորդորէր», ըսաւ Սայեղ` աւելցնելով. «Թող ինքզինք ամերիկացիներէն ու Ծոցի երկիրներէն փրկէ եւ իր խնդիրները կարգաւորէ, որովհետեւ շրջանին մէջ անոր դերակատարութիւնը վերջ գտաւ»: