Արսլան. «Սուրիոյ Մէջ Դանակը Տիւրզիներուն, Ալեւիներուն Ու Քրիստոնեաներուն Վզին Է»
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիւրզիներուն մօտ գոյութիւն ունի իսկական մտավախութիւն, որ պէտք է հասկնալ եւ լուծել անոր տուն տուող պատճառները` զգուշացնելով, որ անոնք անարդարանալի թիրախաւորման ու յարձակումներու կ՛ենթարկուին, «եւ ատիկա միայն իրենցմով չի սահմանափակուիր, այլ կը ներառէ նաեւ ալեւիները, շիիները եւ քրիստոնեաները, եւ այդ արարքներէն շատերը լուսարձակներէ հեռու տեղի...




















