– ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ կը գումարէ ժողով մը, որուն օրակարգը բաղկացած է 25 կէտերէ:
– «ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նախարարաց խորհուրդի այսօրուան նիստի ընթացքին համաձայնութիւն գոյանալու պարագային կրնան կատարուիլ շարք մը նշանակումներ, որոնք կը ներառեն ապահովական Եւ զինուորական պաշտօններ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչն ու անոր տեղակալները: Տուեալներու համաձայն, իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է նշանակման մեքանիզմի մը շուրջ, ըստ որուն, նախարարաց խորհուրդին կը ներկայացուին ատակ անձերու երեք անուններ, որոնցմէ մէկը կ՛ընտրուի:
– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Ռաս Նաքուրայի մէջ թիրախաւորած է քաղաքային ինքնաշարժ մը: Արձանագրուած են վիրաւորներ:
Կայքը աւելցուց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը անգամ մը եւս յարձակում գործած է` հեռացնելու համար քաղաքացիները, որոնք կը փորձէին յարձակումի ենթարկուած ինքնաշարժին օգնութեան հասնիլ:


