Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիւրզիներուն մօտ գոյութիւն ունի իսկական մտավախութիւն, որ պէտք է հասկնալ եւ լուծել անոր տուն տուող պատճառները` զգուշացնելով, որ անոնք անարդարանալի թիրախաւորման ու յարձակումներու կ՛ենթարկուին, «եւ ատիկա միայն իրենցմով չի սահմանափակուիր, այլ կը ներառէ նաեւ ալեւիները, շիիները եւ քրիստոնեաները, եւ այդ արարքներէն շատերը լուսարձակներէ հեռու տեղի կ՛ունենան»:
Ան շեշտեց, որ ինք ուղն ու ծուծով արաբական է, «սակայն ատիկա բան մըն է, եւ Սուրիոյ տիւրզիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն նկատմամբ կեցուածքս մէկ այլ բան է, որովհետեւ աչք չեմ կրնար փակել գոյութենական այն վտանգին նկատմամբ, որ անոնք կը դիմագրաւեն Դամասկոսի մէջ իշխող մարմինին վարմունքին եւ իսրայէլեան գոյացութեան ու Թուրքիոյ նման կարգ մը շրջանային ուժերու դերակատարութեան հետեւանքով»:
«Խալտէի կամ այլուր նստած տեսութիւններ արձակելը դիւրին է, սակայն «հաց չի կերցներ», եւ իրենց ճակատագիրով ու ապագայով մտահոգներուն անվտանգութիւն չ՛ապահովեր, եւ կարգ մը տեսաբաններ պէտք է իրենք զիրենք Ժարամանայի եւ այլուր բնակողներուն տեղ դնեն, նախքան անոնց հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան դասեր տալը»:
«Ոմանք կ՛առաջարկեն, որ տիւրզիները իրենց զէնքերը յանձնեն Սուրիոյ մէջ իշխող մարմինին, ճիշդ ինչպէս ոմանք Լիբանանի մէջ կ՛առաջարկեն, որ Հըզպալլան իր զէնքը յանձնէ, սակայն փոխարէնը ո՞վ կրնայ մեզ հանգստութիւն ու անվտանգութիւն ապահովել ծայրայեղական ուղղուածութիւններու տէրերուն իշխանութեան եւ միւս կողմէ հետզհետէ մագլցող իսրայէլեան սպառնալիքներու շարունակման դէմ», հարց տուաւ Արսլան:
Արսլան զգուշացուց. «Սուրիոյ մէջ դանակը տիւրզիներուն, ալեւիներուն եւ քրիստոնեաներուն վիզին դրուած է, ուստի տիւրզի համայնքը զինաթափելու կոչը անիրատեսական է եւ մեր եղբայրները կը մատնէ գայլի կամքին` առանց ներկայացնելու զանոնք պաշտպանող այլընտրանքներ»:
«Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու եւ այլ խմբաւորումներու ապագային միակ երաշխիքը ստեղծումն է քաղաքացիական արդար պետութեան մը, որ կարող է բոլոր հատուածներուն շնորհել իրենց իրաւունքը` առանց ոեւէ մէկը լուսանցքայնացնելու կամ հալածելու», ըսաւ տիւրզի ղեկավարը:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Ժարամանայի տիւրզիներուն օգնելու համար զինուորական միջամտութիւն կատարելու պատրաստակամութիւնը թունաւոր առաջարկ է, սակայն իսրայէլեան ծրագիրները քննադատելը չի բաւեր, այլ պէտք է ամրապնդել սուրիական բեմը, ինչ որ Ահմետ Շարհի կողմէ սուրիական տարբեր խմբաւորումներու նկատմամբ աւելի բաց ու ճկուն քաղաքականութիւն կը պահանջէ», ըսաւ ան:
Արսլան նշեց, որ Իսրայէլ շուրջ 250 քիլոմեթր յաւելեալ սուրիական հողեր գրաւեց եւ մայրաքաղաք Դամասկոսէն միայն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի` զարմանք յայտնելով, որ Դամասկոսի մէջ նոր ղեկավարութեան առաջին որոշումը սուրիական բանակի լուծարումն էր, ինչ որ իսրայէլեան բանակին առիթ ընծայեց 5 օրուան մէջ քանդելու այն, ինչ որ 50 տարի տեւեց կառուցելու համար:
Արսլան լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` սուրիական դասէն սթափելու եւ անկէ օգտուելու` զգուշացնելով առանց այլընտրանքի ապահովման Դիմադրութեան ընտրանքէն հրաժարելէն:
«Կը մերժենք լիբանանեան բանակին իր կարողութենէն աւելի մեծ բեռ բեռցնելը, մանաւանդ որ անոր կարելիութիւնները ծանօթ են ինքզինք եւ իր հայրենիքը պաշտպանել արտօնող տեսակարար զէնք մատակարարելու արգելքին պատճառով», յայտնեց Արսլան:


