Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութենէն ղեկավար աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յառաջիկայ կիրակի օր Քամալ Ժոմպլաթի ահաբեկման 48-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին պիտի արտայայտէ «նոր եւ շատ ակնառու դիրքորոշումներ, որոնք կը վերաբերին քաղաքական ընդհանուր եւ ժոմպլաթեան ղեկավարութեան առնչուող անձնական կացութեան: - «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» հաղորդեց, որ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող ջարդերուն լոյսին...

Ամմանի Մէջ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի,  Իրաքի Եւ Թուրքիոյ Մասնակցութեամբ Ժողով

Ամմանի Մէջ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Իրաքի Եւ Թուրքիոյ Մասնակցութեամբ Ժողով

Երէկ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ եւ անոր դրացի երկիրներու աշխատանքային ժողովը` քննարկելու համար ահաբեկչութեան, թմրեցուցիչի ու զէնքի մաքսանենգման դէմ պայքարելու եւ հասարակաց այլ մարտահրաւէրներու դիմակայման գործնական մեքանիզմները: Յորդանանեան «Փեթրա» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց. «Յորդանանի, Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարներու, ինչպէս նաեւ սպայակոյտի պետերուն ու հետախուզական կառոյցներու տնօրէններու մասնակցութեամբ գումարուող ժողովը կը քննարկէ...

Թրամփ Միշել Իսայի Թեկնածութիւնը  Առաջադրեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ  Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնին

Թրամփ Միշել Իսայի Թեկնածութիւնը Առաջադրեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Միշել Իսան ընտրած է ստանձնելու Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը: Ան այս պաշտօնին վրայ պիտի փոխարինէ գործող դեսպան Լայզա Ճոնսընը: Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրեց. «Իսան ականաւոր գործարար է եւ ելեւմտական ոլորտի մասնագէտ, ինչպէս նաեւ ղեկավար մը, որ դրամատնային ծառայութիւններու, գործարարութեան եւ միջազգային առեւտուրի ղեկավարման մէջ հոյակապ ասպարէզի տէր է»:...

Ապու Ֆաուր. «Ժապալ Արապի Մէջ Սուլթան  Փաշա Աթրաշի Թոռները Պիտի Տապալեն  Իսրայէլացի Թշնամիի Հին-Նոր Սադրանքը»

Ապու Ֆաուր. «Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերը Ցաւալի Են»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց. «Այսօր կը հանդիպինք մէկ շաբաթ առաջ 16 մարտէն, այն յիշատակէն, որ կ՛ոգեկոչէինք սրտի ցաւով` երթալով Քամալ Ժոմպլաթի գերեզման, եւ մենք չափազանց տխուր կը զգայինք: Ասիկա առաջին տարին է, որ կը նշենք Քամալ Ժոմպլաթի յիշատակը, երբ մարդասպանը տապալած է, Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալեցաւ, եւ մեզ այս օրհնեալ օրերուն մէջ աւելի...

Պայրագտարեան. «Երիտասարդութեան  Եւ Մարմնակրթութեան Հարցերու Նախարարութեան  Պիւտճէն Չ՛օգներ, Որ Նոյնիսկ  Իր Պարտականութիւնը Կատարէ»

Պայրագտարեան. «Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Հարցերու Նախարարութեան Պիւտճէն Չ՛օգներ, Որ Նոյնիսկ Իր Պարտականութիւնը Կատարէ»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, Ճիւնիի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշ եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի Ճիւնիի «Փլաթէա» համալիրին մէջ ստորագրեցին գործակցութեան համաձայնագիր` կառուցելու համար ֆետերասիոնի նոր կեդրոնատեղի մը եւ անոր պատկանող մարմնակրթական կառոյցներ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ խորհրդարանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Ապի Ռամիան, երեսփոխաններ եւ մարմնակրթական տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱԼԵՒԻՆԵՐՈՒ իսլամական խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Քաղաքացիական խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը կարմիր գիծեր են, եւ ընդառաջելով ապահովական ծառայութիւններու կոչին, երիտասարդ Ահմետ Պիթարը անձնատուր եղաւ: Նախաձեռնեցինք կապ հաստատել երիտասարդին հետ, որ դրական ընկալեց մեր դիմումը: Ամբողջական վստահութիւն ունինք ապահովական մարմիններուն նկատմամբ որոնք իրենց պարտականութիւնը պիտի կատարեն ամենայն թափանցիկութեամբ` բացայայտելու համար դէպքին ծալքերը եւ ճշմարտութիւնը: Թրիփոլին միշտ ալ ազգային համակեցութեան...

Պաապտայի Պալատին Մէջ  Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Պաապտայի Պալատին Մէջ Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Նախագահ Աուն Պըրրիին ներկայացուց Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ զինք դրաւ Գահիրէի մէջ Արաբական արտակարգ վեհաժողովի ծիրին մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մթնոլորտին մէջ: Հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահները նաեւ քննարկեցին Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի կացութիւնը:  

Ռասամնի. «Աշխատանք Կը Տանինք Պէյրութի  Օդակայանի Զարգացման Ու Բարեկարգման Վրայ,  Եւ Պետութիւնը Կը Ձգտի Մէկէ Աւելի Օդակայան Ապահովել»

Ռասամնի. «Աշխատանք Կը Տանինք Պէյրութի Օդակայանի Զարգացման Ու Բարեկարգման Վրայ, Եւ Պետութիւնը Կը Ձգտի Մէկէ Աւելի Օդակայան Ապահովել»

Հանրօգուտ շինութիւններու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի «Տիար» օրաթերթին յայտնեց. «Նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի համապարփակ հայեցակարգի մը ծիրին մէջ Պէյրութի միջազգային օդակայանը զարգացնելու եւ բարենորոգելու, եւ ապագայ որեւէ ծրագիրի մասին պիտի յայտարարուի թեքնիք ու վարչական ուսումնասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորման աղբիւրներու եւ առնչակից բոլոր մանրամասնութիւնները ամբողջացնելէ անմիջապէս ետք»: «Ներկայիս, քաղաքային թռիչքներու ոլորտը ամրապնդելու նպատակադրող կառավարութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ, պէտք եղած թեքնիք ու տնտեսական...

Ժահժահ. «Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Դէմ Պայքարիլ  Ու Զայն Վերացնել Կարելի Է Միայն Լիբանանի  Բարեկամներուն Միջոցով»

Ժահժահ. «Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Դէմ Պայքարիլ Ու Զայն Վերացնել Կարելի Է Միայն Լիբանանի Բարեկամներուն Միջոցով»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Չկայ փրկութիւն, բացի Լիբանանի մէջ ստեղծումովը իսկական պետութեան մը, որուն կազմութեան ուղին շատ յստակ է` բոլոր ապօրինի զէնքերու հաւաք յստակ ու ճշդուած ժամանակի ընթացքին, պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումի կառավարութեան մենաշնորհ, լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ ամբողջական գերիշխանութիւն, ինչպէս նաեւ հիւսիսային, արեւելեան ու հարաւային սահմաններուն վրայ օրինական ու իրողական վերահսկողութիւն»: Ժահժահ Մեհրապի մէջ իր կնոջ`...

Ապտալլա. «Սուրիոյ Մասնատումը Իսրայէլէն  Բացի Ոչ Ոքի Շահերէն Կը Բխի»

Ապտալլա. «Սուրիոյ Մասնատումը Իսրայէլէն Բացի Ոչ Ոքի Շահերէն Կը Բխի»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բնական է, որ Լիբանանը իր արաբական խորք վերադառնայ, Լիբանան իր սահմանադրութեան մէջ արաբական ինքնութիւն ունի, եւ 2005 թուականէն մինչեւ այսօր երկարող ժամանակաշրջանին այս թղթածրարը կասկածի տակ էր, գոյութեանը պատճառով քաղաքական որոշ առանցքի մը, որ իր իշխանութիւնը տարածեց այս շրջանին վրայ: Նաեւ կար արաբական դիրքորոշում մը եւ Լիբանանի...

Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն Ստանալէն Ետք  Առաջին Նիստի Ընթացքին.  Նախարարաց Խորհուրդը Հրամանագիրով Մը  Որդեգրեց 2025 Թուականի Ամավարկը

Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն Ստանալէն Ետք Առաջին Նիստի Ընթացքին. Նախարարաց Խորհուրդը Հրամանագիրով Մը Որդեգրեց 2025 Թուականի Ամավարկը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց խորհրդարանին կողմէ վստահութեան քուէ ստանալէն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի Ռիատ եւ Գահիրէ այցելութիւններէն ետք իր առաջին ժողովը: Նախքան ժողովը, նախագահ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ տեղի ունեցաւ ժողով մը, որուն ընթացքին անոնք համաձայնեցան, առ ի գործադրութիւն Լիբանանի սահմանադրութեան 65-րդ յօդուածին, նախարարաց խորհուրդի նիստերը այսուհետեւ գումարելու Թանգարանի շրջանին մէջ գտնուող կեդրոնատեղիի մը...

Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»

Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»

Շիիներու Իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ «Օ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Նոր իշխանութեան նկատմամբ մեծ յոյս ունինք եւ կը զօրակցինք երդման ճառին, մենք պետութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանողին հետ ենք: Դիմադրութիւնը ստեղծուեցաւ իբրեւ հակազդեցութիւն իսրայէլեան յարձակումին, եւ Իսրայէլը երբեք միջազգային որոշումները չյարգեց»: Ան նշեց, որ շիիները պատմականօրէն պետութիւնը կը պահանջեն, եւ հարաւային Լիբանանի բռնագրաւումի ենթակայ ձգուեցաւ, իսկ այսօր քննութիւն...

Ժապեր. «Յառաջիկայ Շաբաթ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին  Հետ Քննարկումներ` Ներկայացնելու Համար  Ելեւմտական Ու Մաքսային Բարեկարգումներու Մէջ Յառաջընթացը»

Ժապեր. «Յառաջիկայ Շաբաթ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Քննարկումներ` Ներկայացնելու Համար Ելեւմտական Ու Մաքսային Բարեկարգումներու Մէջ Յառաջընթացը»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր յայտնեց. «Նախարարութիւնը մեծ եռանդով յառաջ կ՛ընթանայ երկրին ելեւմտական ու մաքսային համակարգը բարելաւելու համար անհրաժեշտ եւ հիմնական բարեկարգումներու կատարման մէջ»: «Կառավարութիւնը յանձնառու է շարունակելու գործադրութիւնը բարեկարգումներու, որոնց նպատակը ելեւմտական թափանցիկութեան ամրապնդումն է, աշխատանքներու մթնոլորտի բարելաւումը եւ եկամուտներու գանձումի յաւելումը, ինչ որ կը նպաստէ ազգային տնտեսութեան աջակցութեան», ըսաւ Ժապեր: Նախարարը այս մասին յայտնեց պետական ելեւմուտքի եւ մաքսատան տնօրէններու...

Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Ֆոնտի  Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց  Մարմնակրթական Հարցեր

Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Ֆոնտի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Մարմնակրթական Հարցեր

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Բնակչութեան ֆոնտէն պատուիրակութեան մը հետ քննարկեց երիտասարդութեան վերաբերող ընդհանուր հարցեր, որոնց շարքին կազմակերպումը միացեալ ձեռնարկներու, որոնց նպատակը փոփոխութեան յառաջացումն է, երիտասարդներու տեսակէտները լսելը եւ զանոնք կարող ու մասնակից դարձնելը, ինչպէս նաեւ երիտասարդական քաղաքականութեան աշխատանքային ծրագիրի մը գործադրութեան կարելիութիւնները: Նախարար Պայրագտարեան պատուիրակութեան առաջարկեց «Ապագայի համար ուխտը» համաշխարհային փաստաթուղթին մէջ երիտասարդութեան եւ ապագայ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ արձանագրուող քաղաքական զարգացումները, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: - ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Պայատայի իր տան մէջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի ներկայացուցիչ շէյխ Ֆայեզ Սէյֆը: Վերջինս Պասիլին յանձնեց Տար Ֆաթուայի մէջ Ռամատանի առիթով տարեկան...

Սիսիի Եւ Պահրէյնի Թագաւորին Հետ  Հանդիպումներ.  Աուն Շարհի Հետ Համաձայնեցաւ Լիբանան-Սուրիա  Սահմանի Հսկողութեան Անհրաժեշտութեան Շուրջ

Սիսիի Եւ Պահրէյնի Թագաւորին Հետ Հանդիպումներ. Աուն Շարհի Հետ Համաձայնեցաւ Լիբանան-Սուրիա Սահմանի Հսկողութեան Անհրաժեշտութեան Շուրջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն Գահիրէի մէջ Արաբական արտակարգ վեհաժողովի ծիրին մէջ իր հանդիպումներու շարքը աւարտեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ հանդիպումով` ներկայութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի, անոր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի եւ լիբանանեան ու եգիպտական պատուիրակութիւններու անդամներուն: Նախագահ Աուն Սիսիին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հարցով միջազգային Հնգեակին ճամբով Լիբանանի նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տալու ջանքերուն Եգիպտոսի մասնակցութեան...

Արաբական Արտակարգ Վեհաժողովը Որդեգրեց  Կազայի Վերաշինութեան Եգիպտական Ծրագիրը

Արաբական Վեհաժողովը Լիբանանէն Իսրայէլի Ամբողջական Հեռացումն Ու Գերիներու Յանձնումը Կը Պահանջէ

Գահիրէի մէջ երեքշաբթի, 4 մարտին գումարուած Արաբական արտակարգ վեհաժողովը իբրեւ արաբական միացեալ ծրագիր որդեգրեց Կազայի վերաշինութեան ծրագիրը, որ ներկայացուած էր Եգիպտոսի կողմէ Պաղեստինի եւ արաբական պետութիւններու հետ համակարգաբար: Արաբական արտակարգ վեհաժողովը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց տեղակայելու միջազգային խաղաղապահ ուժ մը, որ կ՛իրագործէ պաղեստինցի եւ իսրայէլացի ժողովուրդներուն Այսրյորդանանի ու Կազայի մէջ անվտանգութեան ապահովումը եւ կ՛ըլլայ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման քաղաքական հեռանկարի...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Ուաշինկթըն Վերցուցած Է Լիբանանի 95 Միլիոն  Տոլարի Զինուորական Օժանդակութիւններու Սառեցումը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն Վերցուցած Է Լիբանանի 95 Միլիոն Տոլարի Զինուորական Օժանդակութիւններու Սառեցումը

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներ հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերցուց Լիբանանի 95 միլիոն տոլարի զինուորական օժանդակութիւններու սառեցումը»: Ամերիկացի պաշտօնատարները աւելցուցած են. «Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները մաս կը կազմեն Իսրայէլի հետ զինադադարի շարունակման երաշխաւորման ռազմավարութեան մը», ինչպէս նաեւ «մաս կը կազմեն Հըզպալլան տկարացնելու եւ անոր ազդեցութիւնը նուազեցնելու փորձի ռազմավարութեան մը»: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին նշած է. «Լիբանանեան բանակը առաջին...

Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»

Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Շարք Պլումպըրկ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչի նշանակումը տեղի պիտի ունենայ մարտ ամսուան աւարտէն առաջ` ապահովելու համար դրամատան մէջ աշխատանքի շարունակութիւնը»: Ժապեր ըսաւ, որ Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչը պէտք է «ունենայ լաւ վարկ եւ երկարատեւ փորձառութիւն, ինչպէս նաեւ ծանօթ ըլլայ ելեւմտական ոլորտին մէջ իր անցեալով»: Ինչ կը վերաբերի դրամատուներուն մօտ պահ դրուած գումարները...

Պայրագտարեան Ընդունեց  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին եւ նշեց, որ Լիբանան ոտքի կանգնելու լուրջ եւ պատմական առիթի մը առջեւ կը գտնուի: Պայրագտարեան Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան ներկայացուց գաղափարը հաստատելու թուայնացած հարթակ մը, որ մարմնակրթական, երիտասարդական ու սկաուտական շարժումները, անոնց ֆետերասիոններն ու միութիւնները, մարզիկներն ու երիտասարդները իրարու կը կապէ:...

Page 135 of 986 1 … 134 135 136 … 986

Արխիւներ