Ազգային չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Պաարինի «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իւրաքանչիւր համայնք իր փորձառութիւնը ունի եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը փորձեց Լիբանանի մէջ իշխել: Անոնք բոլորն ալ հաւասարապէս պարտուեցան, որովհետեւ մենք չենք ուզեր անկեղծօրէն խօսիլ, համաձայնիլ եւ պետութեան երդիքին տակ հաւասարիլ»:
«Այլեւս կը գտնուինք պահու մը մէջ, ուր կարիքը ունինք միասին նստելու եւ խօսելու առանց նշաձողերու, առանց որ մէկը միւսը դաւաճան նկատէ, առանց որ ներքին պատերազմով սպառնանք եւ սպասենք, որ օտարները մեզ ստիպեն միասին նստելու», ըսաւ երեսփոխանը:
Անդրադառնալով դաշնակցային դրութեան հաստատման առաջարկին` Պաարինի շեշտեց. «Առաջարկը կը միաւորէ եւ ոչ թէ կը մասնատէ, ինչպէս ոմանք անձնական պատճառներով կը պատկերացնեն: Թերեւս այլեւս անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր կողմ կեդրոնական պետութենէն իր իրաւունքը ստանայ անկախ իր թիւէն, ուժէն կամ կապերէն»:
«Մենք` սիւննիներս, Թաէֆի համաձայնագիրը ջատագովող ենք եւ անոր գործադրութեան վրայ կը շեշտենք, եւ անոնք են, որոնք անոր գործադրութիւնը արգիլեցին, անոնք են, որոնք մասնատման կը ձգտին: Ընդլայնուած ապակեդրոնացեալ դրութիւն կը պահանջենք եւ կոչ կ՛ուղղենք կատարելու լուրջ քննարկում մը, որ կը տապալէ լիբանանցիներուն միջեւ բոլոր պատնէշները:
«Ոմանք կ՛ըսեն. «Դաշնակցային դրութիւնը միայն Զուիցերիոյ յարմար է եւ մեր երկրին յարմար չէ»: Ատիկա իրականութիւնը չէ: Ուստի ձեզ կը հրաւիրենք երկխօսութեան, որդեգրելու լիբանանականացուած դաշնակցային դրութիւնը, եւ ընտրելու այն, ինչ որ մեր երկիրին յարմար է», ըսաւ երեսփոխանը:
«Բոլորս կը տեսնենք, թէ շրջանը ո՛ւր կ՛երթայ, ուստի ինչ` մեր աչքերը եւ ականջնե՞րը փակենք: Եթէ դաշնակցային դրութիւն կ՛ուզենք, ապա կ՛ուզենք, որ լուծումի դաշնակցային դրութիւն ըլլայ եւ ոչ թէ` մասնատման կամ պատերազմի: Զայն կ՛ուզենք հաւասար բարգաւաճում իրագործելու համար, տապալելու համար պատնէշները եւ արգիլելու մասնատումը, ոչ թէ զայն ամրագրելու, որովհետեւ պետութեան վարած շրջանի մը կամ համայնքի մը ի վնաս այլ շրջաններու եւ համայնքներու աջակցելու քաղաքականութիւնը ինքնին մասնատումն է», աւելցուց Պաարինի: