– ԼԻԲԱՆԱՆԻ պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան «Հերմես 450» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը շատ ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարած է Սուր քաղաքի եւ մերձակայ գիւղերուն վրայ:
Աւելի ուշ, «Նաշրա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Սուր գաւառի Ռաշքնանիէ գիւղին մէջ հարուածած է ինքնաշարժ մը: Արձանագրուած է զոհ մը:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի «Ռատուան» յատուկ ուժին մէջ առանցքային անձնաւորութիւն մը սպաննեց»:
– ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը հինգշաբթի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ պիտի գումարէ ժողով մը:
Ասիկա կառավարութեան խորհրդարանին վստահութեան քուէն ստանալէն եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Սէուտական Արաբիա այցելութենէն ու Գահիրէի մէջ Արաբական արտակարգ վեհաժողովին մասնակցելէն ետք առաջին ժողովը պիտի ըլլայ:
– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարք Տաու քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի նիւթական օժանդակութիւններ ստանալու համար միջազգային ապահովական պայմանը, ըստ որուն Հըզպալլան պէտք է պարպէ Լիթանի գետի հարաւային շրջանը, զէնքը յանձնէ պետութեան, բանակը տեղակայուի հարաւային Լիբանանի մէջ եւ իր վերահսկողութիւնը հաստատէ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ, գործադրութեան ընթացքի մէջ է եւ ամբողջովին անջատ է վերաշինութեան երթէն»:


