Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համտան. «Հողի Ազատագրման Եւ Վերաշինութեան Հարցին Մէջ Պետութեան Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

March 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամալ շարժումի նախագահական մարմինի անդամ Խալիլ Համտան Զրարիէի մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին կը շարունակէ բռնագրաւել հարաւային Լիբանանի մէջ մեր հողը, եւ հայրենիքի հողի ամբողջական ազատագրման ու վերաշինութեան հարցին մէջ պետութեան պատասխանատուութիւնը մեծ է, իսկ ուշացնելու փորձերը թշնամիին կը ծառայեն եւ քաղաքացիներուն տոկունութիւնը չեն ամրապնդեր, մանաւանդ այն գիւղերուն մէջ, զորս թշնամին ամբողջովին քանդեց»:

Ան նշեց «կարեւորութիւնը սերտ յարաբերութեանը լիբանանեան բանակին հետ, որ ծանր պայմաններու մէջ դժուար առաքելութիւններ կատարեց»:

«Կ՛ընդգծենք կարեւորութիւնը կապին Դիմադրութեան ժողովուրդին ու լիբանանեան բանակին միջեւ, որուն, ինչպէս նաեւ անոր հրամանատարներուն, սպաներուն ու անդամներուն քաջութեան կը վստահինք, սակայն կ՛ընդգծենք, որ կարեւոր է այս բանակին աջակցիլ պէտք եղած միջոցներով, որոնք զայն կը զօրացնեն սիոնական յարձակումներուն դիմաց, եւ ասիկա պարտականութիւնն է լիբանանեան իշխանութիւններուն, որոնք պէտք է այս բանակին տրամադրեն այն ամէնը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ անոր դերակատարութիւնն ու ուժը», ըսաւ Համտան:

«Հողը չպաշտպանելը թշնամիին ախորժակը կը գրգռէ յաւելեալ յարձակումներ կատարելու, եւ եթէ յարձակումի ենթարկուիս, ի՞նչ կը նշանակէ չէզոք ըլլալ, եթէ չդիմակայես եւ չդիմադրես, ատիկա անձնատուութիւն կ՛ըլլայ», յայտնեց ան:

Համտան հարց տուաւ. «Արդեօք չէզոք երկիրները հրաժարա՞ծ են իրենց հողերն ու ժողովուրդը պաշտպանելէ, եթէ յարձակումի ենթարկուին: Ահաւասիկ օրինակ Զուիցերիան, ունի հզօր եւ սարսափազդու բանակ մը, որ զինուած է ամէնէն արդիական զէնքերով ու ճարտարագիտութիւններով: Անոր տրամադրուած է ամէնէն արդիական ձեւերով պաշտպանուելու կարելիութիւնը, ինչ որ ուրիշները կ՛արգիլէ յարձակում գործելու մասին մտածել»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պաարինի. «Լուծումի Դաշնակցային Դրութիւն Կ՛ուզենք, Ոչ Թէ` Պատերազմի»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.