Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. Լիբանան Պիտի Չընդունի Միջազգային Օժանդակութիւնները Քաղաքական Կամ Զինուորական Պայմաններով Փոխանակելու Փորձերը»

March 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց. «Իսրայէլի մէջ ծայրայեղ աջի որդեգրած թշնամական քաղաքականութիւնը հանգստանալու պատճառ չի ստեղծեր, այլ կը հաստատէ, որ բռնագրաւումը կը շարունակէ իր ծաւալապաշտական ծրագիրները»: Ան այս մասին յայտնեց «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:

Պըրրի նշեց, որ իսրայէլեան բռնագրաւումը միայն սահմանամերձ 5 բլուրներով չի սահմանափակուիր, այլ կը ներառէ բռնագրաւեալ սահմանային գօտի մը, որ լիբանանեան հողերուն մէջ մէկ կամ երկու քիլոմեթր կ՛երկարի, ինչ որ գործնականին մէջ կը նշանակէ հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ բռնագրաւեալ նոր շրջանի ստեղծումը:

Ինչ կը վերաբերի վերաշինութեան եւ միջազգային օժանդակութիւններու թղթածրարին, խորհրդարանի նախագահը յայտարարեց. «Լիբանան պիտի չընդունի միջազգային օժանդակութիւնները քաղաքական կամ զինուորական պայմաններով փոխանակելու որեւէ փորձ, ըլլայ այդ Լիթանի գետէն հիւսիս Դիմադրութեան զէնքին կամ այլ ներքին թղթածրարներու վերաբերեալ»:

«Իսրայէլեան յարձակումի քանդածին վերաշինութիւնը պէտք է ազգային առաջնահերթութիւն ըլլայ, եւ Լիբանան կը ջանայ միջազգային աջակցութիւն ստանալ, առանց վնասելու իր գերիշխանական իրաւունքներուն կամ կատարելու զիջումներ, որոնք կը հակասեն իր ազգային սկզբունքներուն», ըսաւ ան:

«Իսրայէլ չի բաւարարուիր Լիբանանի մէջ կատարուած իրողութիւն պարտադրելու փորձերով, այլ նաեւ կը ջանայ միջամտել դրացի երկիրներու, մասնաւորաբար Սուրիոյ ներքին գործերուն` վնասելով անոր ժողովրդագրական պատկերին, եւ տիւրզիներուն նման կարգ մը բաղադրիչ տարրեր պաշտպանել պնդելով», յայտնեց խորհրդարանի նախագահը:

Պըրրի ողջունեց «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի Սուրիոյ կամ Լիբանանի մէջ այդ ծրագիրներուն դէմ որդեգրած դիրքորոշումը»` մատնանշելով, որ անոր ազգային ու ռազմավարական հարցերու, մասնաւորաբար Դիմադրութեան ու իսրայէլեան բռնագրաւումի մերժման վերաբերեալ դիրքորոշումը չէ փոխուած:

Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` ան յայտնեց, որ անիկա կրնայ բարեփոխումներու ենթարկուիլ, «սակայն անոնք արմատական պիտի չըլլան»:

«Առաջարկուող գլխաւոր բարեփոխումներէն մէկը յաջորդ օրէնքին մէջ վարկանշային երկու քուէ որդեգրելն է, որուն նպատակը համայնքային քուէարկութեան սրութիւնը մեղմացնելն է եւ քաղաքական բազմազանութիւնը ամրապնդելը»:

«Այս բարեփոխումը քուէարկողին ազատութիւն պիտի տայ իր համայնքէն թեկնածուի մը եւ այլ համայնքէ մէկ այլ թեկնածուի քուէարկելու, ինչ որ քաղաքական բազմազանութիւնը կ՛ամրապնդէ եւ կ՛ընդլայնէ քուէարկողներուն ընտրանքները», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Սէուտական Արաբիա այցելութեան` Պըրրի լաւատեսութիւն յայտնեց լիբանանեան տնտեսութեան սէուտական օժանդակութիւններու կեանքի կոչման կարելիութեան նկատմամբ, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու մասին խօսակցութիւններու լոյսին տակ` նշելով. «Սէուտական Արաբիան միշտ ալ Լիբանանի աջակից եղած է»:

Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը յաջողի Ռիատի հետ ուղղակի յարաբերութիւններ կառուցել, ըլլայ այդ նախարարներու կամ կառավարական վարչութիւններու եւ հաստատութիւններու ճամբով, ինչ որ դրական անդրադարձ պիտի ունենայ լիբանանեան տնտեսութեան կացութեան վրայ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Կութիերես. «Լիբանանի Հողերուն Վրայ ՖԻՆԻՒԼ-էն Բացի Պէտք Չէ Որեւէ Օտար Ուժ Մնայ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Եւ Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Համաձայնեցան Կեանքի Կոչել Եւ Զարգացնել Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.