Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց խորհրդարանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան: Քննարկուեցան մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան ընդհանուր կացութիւնն եւ նշեալ երկու ոլորտները ոտքի կանգնեցնելու կարելիութիւնները:
Պայրագտարեան ներկայացուց նախարարութեան եւ առնչակից մարզերուն մէջ աշխատանքի իր տեսլականն ու պատկերացումը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանէն լսեց իր նախագահած խորհրդարանական յանձնախումբի աշխատանքին մասին: Համաձայնութիւն գոյացաւ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն միջեւ համակարգում կատարելու անհրաժեշտութեան շուրջ:
Հանդիպումի ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ նախարարութեան անձնակազմին մէջ թափուր մնացած պաշտօններու հարցը եւ վարչական բաժանմունքը արդիականացնելու անհրաժեշտութիւնը, քննարկուեցաւ պետութեան ամավարկին մէջ նախարարութեան վերաբերող բաժինը, որպէսզի ան կարենայ իր առաքելութիւնը կատարել: Քննարկուեցաւ նաեւ մարմնակրթական, երիտասարդական ու սկաուտական կառոյցներու հարցը, ինչպէս նաեւ պետութեան կողմէ վաւերացուած երիտասարդութեան քաղաքականութեան փաստաթուղթը կեանքի կոչելու հարցը:
Երեսփոխան Ապի Ռամիա նախարար Պայրագտարեանը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի յառաջիկայ նիստին: