Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԱԼԵՒԻՆԵՐՈՒ իսլամական խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Քաղաքացիական խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը կարմիր գիծեր են, եւ ընդառաջելով ապահովական ծառայութիւններու կոչին, երիտասարդ Ահմետ Պիթարը անձնատուր եղաւ: Նախաձեռնեցինք կապ հաստատել երիտասարդին հետ, որ դրական ընկալեց մեր դիմումը: Ամբողջական վստահութիւն ունինք ապահովական մարմիններուն նկատմամբ որոնք իրենց պարտականութիւնը պիտի կատարեն ամենայն թափանցիկութեամբ` բացայայտելու համար դէպքին ծալքերը եւ ճշմարտութիւնը: Թրիփոլին միշտ ալ ազգային համակեցութեան բնորդ եղած է եւ անառիկ մը պատուար սադրանքին դիմաց: Աստուած Լիբանանը եւ բանակը պաշտպանէ: Կեցցէ՛ ապահով ու կայուն Թրիփոլին»:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քարիմ Քապպարա յայտնեց. «Թրիփոլի քաղաքի ապահովութեան ու կայունութեան պահպանումը բոլորին ուսերուն վրայ դրուած հասարակաց պատասխանատուութիւն է»:

«Քաղաքին բախումներու եւ տագնապներու ժամանակաշրջանին վերադարձը մերժելի է, մանաւանդ անոնք, որոնք կ՛առնչուին արտաքին զարգացումներու կամ դէպքերու», ըսաւ ան` դատապարտելով համայնքային ու սադրիչ հռետորաբանութիւնը եւ կոչ ուղղելով զայն մերժելու:

Երեսփոխանը բոլորին կոչ ուղղեց` «իմաստուն ըլլալու», եւ ապահովական ու զինուորական կառոյցներէն պահանջեց «խիստ կերպով վարուիլ որեւէ սպառնալիքի հետ, որ կը թիրախաւորէ Թրիփոլին եւ անոր կայունութիւնը»:

– ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Նեպիլ Պատրը եւ անոր հետ քննարկեց մայրաքաղաք Պէյրութին առնչուող հարցեր:

Հաժժար նաեւ հանդիպում ունեցաւ երեսփոխան Ատնան Թրապուլսիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Քննարկուեցաւ երկրին ընդհանուր կացութիւնը:

– ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յայտնեց. «Ժամանակն է, որ Լիբանանը վերստանձնէ Արաբական աշխարհին մէջ իր դերակատարութիւնը, վերատիրանայ իր արաբական օրինականութեան:

«Նոր Լիբանանը դրական չէզոքութիւն պէտք է որդեգրէ եւ աշխարհին դիմաց բաց է: Այս որակով Լիբանանը միաւորման հայրենիք կ՛ըլլայ եւ ոչ թէ տագնապի բեմ, եւ այս համահունչ է իր պատմութեան, որ հիմնուած է բազմազանութեան, ազատութեան, մշակոյթի եւ ստեղծագործութեան վրայ»:

Նախորդը

Լաթաքիոյ Մէջ Երկու Հայ Զոհ

Յաջորդը

Պայրագտարեան. «Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Հարցերու Նախարարութեան Պիւտճէն Չ՛օգներ, Որ Նոյնիսկ Իր Պարտականութիւնը Կատարէ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.