Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»

March 7, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու Իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ «Օ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Նոր իշխանութեան նկատմամբ մեծ յոյս ունինք եւ կը զօրակցինք երդման ճառին, մենք պետութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանողին հետ ենք: Դիմադրութիւնը ստեղծուեցաւ իբրեւ հակազդեցութիւն իսրայէլեան յարձակումին, եւ Իսրայէլը երբեք միջազգային որոշումները չյարգեց»:

Ան նշեց, որ շիիները պատմականօրէն պետութիւնը կը պահանջեն, եւ հարաւային Լիբանանի բռնագրաւումի ենթակայ ձգուեցաւ, իսկ այսօր քննութիւն է ստեղծելու իսկական պետութիւն մը, որ կարող է գերիշխանութիւնը պահպանել, հողը ազատագրել եւ իսրայէլեան յարձակումը արգիլել:

Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է որդեգրել պաշտպանական ռազմավարութիւնը, որովհետեւ կարեւոր է, եւ լիբանանցիները պէտք է համաձայնին Լիբանանը պաշտպանելու կերպին շուրջ, մանաւանդ որ արգիլուած է լիբանանեան բանակը Իսրայէլի դիմակայման համար զինել, եւ ան կը պայթեցնէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր գրաւած զէնքերը:

Պատասխանելով Լիբանանի վրայ դարձեալ յարձակելու Իսրայէլի սպառնալիքին մասին հարցումի մը` շէյխ Խաթիպ յայտնեց. «Եթէ իսրայէլացին կ՛ուզէ Լիբանանի վրայ յարձակում գործել, անձնատուր պիտի չըլլանք եւ անոր պիտի չենթարկուինք: Իսրայէլը չկրցաւ պատերազմի ընթացքին Դիմադրութիւնը ընկճել»: Ան նաեւ աւելցուց. «Մենք կը պահանջենք Լիբանանի մէջ իսկական պետութիւն ստեղծել, Թաէֆի համաձայնագիրը ամբողջութեամբ գործադրել, եւ այսօր այս է հիմնական պահանջը»:

«Իսրայէլ ամբողջ շրջանը կ՛ուզէ, եւ ամբողջ Լիբանանը թիրախ է, իսկ ժողովրդագրական փոփոխութեան մասին խօսքերը ներքին համայնքային սադրանք յառաջացնելու համար է, եւ ներքին տկարացումը ի շահ իսրայէլացիին է», շեշտեց Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահը:

«Վարչապետ Նաուաֆ Սալամը չեմ նկատեր մէկը անոնցմէ, որոնք վերաշինութիւնը չեն ուզեր: Անոր հարաւ այցելութիւնը դրական է եւ ցոյց կու տայ, որ հետաքրքրուած է շրջանին վերաշինութեամբ եւ հարաւային Լիբանանի մնացեալ բաժիններուն ազատագրումով», ըսաւ ան:

«Հակառակ Սալամի հարաւային Լիբանան այցելութեան դրական ըլլալուն, ան կրնար իր յայտարարութիւններուն մէջ աւելի յստակ ըլլալ եւ մարդոց ցաւը աւելի նուազեցնել: Աւելի լաւ էր, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի պէս վարուէր եւ Դիմադրութեան նահատակներու նիւթին անդրադառնար», աւելցուց շէյխ Խաթիպ:

 

Նախորդը

Ժապեր. «Յառաջիկայ Շաբաթ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Քննարկումներ` Ներկայացնելու Համար Ելեւմտական Ու Մաքսային Բարեկարգումներու Մէջ Յառաջընթացը»

Յաջորդը

Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն Ստանալէն Ետք Առաջին Նիստի Ընթացքին. Նախարարաց Խորհուրդը Հրամանագիրով Մը Որդեգրեց 2025 Թուականի Ամավարկը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.