Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութենէն ղեկավար աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յառաջիկայ կիրակի օր Քամալ Ժոմպլաթի ահաբեկման 48-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին պիտի արտայայտէ «նոր եւ շատ ակնառու դիրքորոշումներ, որոնք կը վերաբերին քաղաքական ընդհանուր եւ ժոմպլաթեան ղեկավարութեան առնչուող անձնական կացութեան:

– «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» հաղորդեց, որ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող ջարդերուն լոյսին տակ, կիրակի գիշեր Սայտայի Աքիպիէ շրջանին մէջ սուրիացի գաղթականներուն վրանները հրկիզուած են:

– ԱՔՔԱՐԻ նահանգապետ Իմատ Լապաքի Լիբանանի պետական լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիայէն 1476 ընտանիքներ` 40 լիբանանցի ընտանիքներ եւ 1184 սուրիացի ընտանիքներ Աքքար ապաստանած են: Անոնց մեծամասնութիւնը ալեւի են, իսկ մէկ մասը լիբանանցիներ: Անոնք տեղաւորուած են ալեւի գիւղերու մէջ գտնուող մզկիթներու եւ տուներու մէջ:

«Մինչեւ այս պահս ապահովական վտանգ չկայ», նշեց նահանգապետը:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մըլհեմ Խալաֆ նշեց. «2025-ի պետական ամավարկը Սահմանադրական խորհուրդին մօտ բողոքարկելու կարելիութիւնը ապահովուած է»:

– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին եւ անոր հետ քննարկեց կացութեան տարբեր զարգացումները:

– ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի Քֆարքիլա գիւղին մէջ քաղաքայիններու վրայ իսրայէլեան ուժերու յարձակումներուն պատճառով Լիբանանեան բանակի զինուոր մը նահատակուած է եւ վիրաւորուած են երկու ուրիշ անձեր, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Եասին Եասին յայտնեց. «Նշանակումներուն մէջ հին գործելաոճի կրկնութիւնը կը հակասէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին ու նախագահի երդման ճառին»:

«Կը լսենք, որ շիի համայնքէն նշանակումներուն մէջ խորհրդարանի նախագահի կարծիքը նկատի կ՛առնուի, իսկ սիւննի համայնքի պարագային բացառապէս նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կամ Մուսթաքպալ հոսանքի մօտիկ անձեր պիտի նշանակուին», նշեց ան:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը 9 մարտին Քֆարշուպա գիւղի մերձակայքին մէջ լիբանանեան բանակէն քաղաքացիական հագուստով եղող  զինուորի մը վրայ կրակ բանալով վիրաւորելէ ետք զինք Իսրայէլ փոխադրած են:

 

 

Նախորդը

Լաթաքիոյ Հայ Համայնքին Իրավիճակը

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Դեսպան Աթաբէկեանը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.