– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ արձանագրուող քաղաքական զարգացումները, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը:
– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Պայատայի իր տան մէջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի ներկայացուցիչ շէյխ Ֆայեզ Սէյֆը:
Վերջինս Պասիլին յանձնեց Տար Ֆաթուայի մէջ Ռամատանի առիթով տարեկան իֆթարին մասնակցելու հրաւէր մը:
– ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց նախարար Ֆայեզ Ռասամնի նշեց, որ քննչական կոմիտէն եւ առնչակից կողմերը մանրամասն հետաքննութիւն կը կատարեն չորեքշաբթի օր անձրեւէն ետք Սին Էլ Ֆիլ-Տքուենէ ճամբուն ողողման պատճառներուն շուրջ` ընթացիկ իրաւական քայլերու որդեգրման համար:
– ՀԻՒՍԻՍԻ նահանգապետ դատաւոր Ռամզի Նոհրա արգիլեց նահանգին մէջ երթեւեկի օրէնքը խախտող եւ օրինական արձանագրութիւն չունեցող մոպիլեթներուն եւ թուք-թուքներուն երթեւեկը:
Ան հրամայեց երթեւեկի եւ քաղաքացիներու ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու համար զանոնք գրաւել եւ հետագային ոչնչացնել:


