Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներ հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերցուց Լիբանանի 95 միլիոն տոլարի զինուորական օժանդակութիւններու սառեցումը»:
Ամերիկացի պաշտօնատարները աւելցուցած են. «Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները մաս կը կազմեն Իսրայէլի հետ զինադադարի շարունակման երաշխաւորման ռազմավարութեան մը», ինչպէս նաեւ «մաս կը կազմեն Հըզպալլան տկարացնելու եւ անոր ազդեցութիւնը նուազեցնելու փորձի ռազմավարութեան մը»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին նշած է. «Լիբանանեան բանակը առաջին անգամ ըլլալով մուտք գործեց հարաւային Լիբանանի մէջ շրջաններ, որոնք Հըզպալլայի վերահսկողութեան տակ էին»:
«Լիբանանեան բանակը Հըզպալլայի պատկանող ենթակառոյցներ քանդեց եւ անոր պատկանող զինապահեստանոցներ գրաւեց», աւելցուցած է ան:
Պաշտօնատարներ նաեւ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ «Իսրայէլի, Ամերիկայի եւ Լիբանանի միջեւ իսրայէլեան զինուորական ներկայութեան շաբաթներով կամ ամիսներով շարունակման փոխադարձ հասկացողութիւն» գոյութիւն ունի:


