Հանրօգուտ շինութիւններու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի «Տիար» օրաթերթին յայտնեց. «Նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի համապարփակ հայեցակարգի մը ծիրին մէջ Պէյրութի միջազգային օդակայանը զարգացնելու եւ բարենորոգելու, եւ ապագայ որեւէ ծրագիրի մասին պիտի յայտարարուի թեքնիք ու վարչական ուսումնասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորման աղբիւրներու եւ առնչակից բոլոր մանրամասնութիւնները ամբողջացնելէ անմիջապէս ետք»:
«Ներկայիս, քաղաքային թռիչքներու ոլորտը ամրապնդելու նպատակադրող կառավարութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ, պէտք եղած թեքնիք ու տնտեսական ուսումնասիրութիւնները կը պատրաստուին` քննարկելու համար Քլէյաաթի մէջ «Ռընէ Մուաաուատ» օդակայանը վերստին գործի լծելու կարելիութիւնը: Այս ուսումնասիրութիւնները կը ներառեն տնտեսական օգուտի եւ պահանջուած ենթակառոյցի գնահատումը, եւ պատշաճ որոշումները պիտի որդեգրուին` հիմնուելով այս ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն վրայ», ըսաւ նախարարը:
«Պետութիւնը կը ձգտի Լիբանանի ծառայելու համար մէկէ աւելի օդակայանի ապահովման` նկատի ունենալով անոնց կարեւորութիւնը տնտեսութեան ու զբօսաշրջութեան աճի ամրապնդման մէջ եւ օդային փոխադրութեան աւելի շատ ընտրանքներ ապահովելու համար: Անհրաժեշտ է, որ Լիբանան յաւելեալ օդակայան մը ունենայ` նկատի ունենալով անոր ռազմավարական դիրքն ու հետզհետէ աճող կարիքները: Օրինակ, Կիպրոսը, որ Լիբանանէն փոքր պետութիւն է, իր քաղաքացիներուն եւ այցելուներուն ծառայելու համար մէկէ աւելի օդակայան ունի, ինչ որ տարբեր կարիքներու բաւարարման համար օդակայանները աշխարհագրականօրէն ցրուելու կարեւորութիւնը կ՛արտացոլէ: Քլէյաաթի օդակայանի գործարկման ընտրանքը կը սերտուի այս ծրագիրին իբրեւ մաս», նշեց Ռասամնի:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ արդիականացման ծրագիրներ կը գործադրուին` բարելաւելու համար ծառայութիւնը եւ ճամբորդներու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելցնելու համար յաւելեալ ճամբորդներու ծառայելու անոր կարողութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ ճամբորդական երթեւեկին: