Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին եւ նշեց, որ Լիբանան ոտքի կանգնելու լուրջ եւ պատմական առիթի մը առջեւ կը գտնուի:
Պայրագտարեան Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան ներկայացուց գաղափարը հաստատելու թուայնացած հարթակ մը, որ մարմնակրթական, երիտասարդական ու սկաուտական շարժումները, անոնց ֆետերասիոններն ու միութիւնները, մարզիկներն ու երիտասարդները իրարու կը կապէ:
Պայրագտարեան նաեւ խօսեցաւ մարմնակրթական դիւանագիտութեան մասին, որուն նպատակը բոլոր շրջաններուն, համայնքներուն եւ բարեկամ երկիրներուն հետ կամուրջներ, ինչպէս նաեւ այդ ծիրին մէջ առնչակից ոլորտներու մէջ ծրագիրներու փոխանակման շուրջ գործակցութիւն հաստատելն է:
Ան քաղաքային ու զինուորական հաստատութիւններու, մասնաւորաբար լիբանանեան բանակին հետ մարմնակրթական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը նշեց` ողջունելով այդ առնչութեամբ որեւէ նիւթական ու բարոյական կարելի աջակցութիւն:


