Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Դէմ Պայքարիլ Ու Զայն Վերացնել Կարելի Է Միայն Լիբանանի Բարեկամներուն Միջոցով»

Մարտ 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Չկայ փրկութիւն, բացի Լիբանանի մէջ ստեղծումովը իսկական պետութեան մը, որուն կազմութեան ուղին շատ յստակ է` բոլոր ապօրինի զէնքերու հաւաք յստակ ու ճշդուած ժամանակի ընթացքին, պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումի կառավարութեան մենաշնորհ, լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ ամբողջական գերիշխանութիւն, ինչպէս նաեւ հիւսիսային, արեւելեան ու հարաւային սահմաններուն վրայ օրինական ու իրողական վերահսկողութիւն»:

Ժահժահ Մեհրապի մէջ իր կնոջ` երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի հետ կազմակերպած իֆթարի ընթացքին յայտնեց. «Այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ մեր արաբական շրջանին մէջ արտակարգ փուլի մէջ, որ մահով, քանդումով, ցաւով ու արցունքով լեցուն էր, սակայն միեւնոյն ժամանակ ստեղծեց իրողութիւն մը, որ նոր յոյս կը ներշնչէ շրջանի կարգ մը ժողովուրդներուն, մասնաւորաբար լիբանանցի եւ սուրիացի ժողովուրդներուն»:

Անդրադառնալով Պաղեստինեան դատին` ան նշեց, որ պատմական իրողութիւնները ցոյց տուին, թէ Պաղեստինի հարցին նկատմամբ մօտեցումներու մեծամասնութիւնը, մասնաւորաբար անոնք, որոնք որդեգրուած են զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ, մինչեւ հիմա իրենց ամլութիւնն ու անօգուտութիւնը ցոյց տուին, եւ ի յայտ եկաւ, որ այդ երեւոյթներէն ու շարժումներէն շատերը այլ պատճառներու համար էին, մասնաւորաբար անոնք, որոնք պաղեստինեան ծիրէն դուրս կազմուեցան եւ իշխանութեան հասնելու կամ շրջանին մէջ ազդեցութեան ընդարձակման նպատակներով ստեղծուեցան»:

«Միակ մօտեցումը, որ մինչեւ հիմա Պաղեստինի հողին մէկ մասը վերադարձուց, Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան մօտեցումն է, որ այսօր Պաղեստինեան իշխանութեամբ ներկայացուած է», ըսաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:

Անդրադառնալով Լիբանանին` Ժահժահ ըսաւ. «Արաբական շրջապատը Լիբանանի բնական շրջապատն է, ինչպէս անոր անկախութենէն ի վեր ծանօթ է, եւ որքան ալ ոմանք փորձեն զայն անկէ հեռացնել, միայն ձախողութեան պիտի մատնուին, եւ Լիբանանը ապահով ու հաստատ պիտի մնայ իր արաբական պատմական յարաբերութիւններուն մէջ»:

«Իսրայէլի լիբանանեան հողի որեւէ հատիկի վրայ մնալը կտրուկ կերպով մերժելի է, այդ անվիճելի է, սակայն շքեղութիւնը չունինք մենք մեր եւ ուրիշներուն վրայ խնդալու, որովհետեւ այդ բռնագրաւումին դէմ կարելի է պայքարիլ ու վերացնել միայն արաբական աշխարհին մէջ եւ միջազգային մակարդակի վրայ Լիբանանի բարեկամներուն ճամբով, քաղաքական ուժով եւ դիւանագիտական միջոցներով»:

«Այս առումով, մեր արաբ բարեկամներն ու Արեւմուտքը մեզի ականջ պիտի տան այն ժամանակ միայն, երբ փաստենք մենք մեզ եւ իբրեւ պետութիւն, որ ամբողջական ու լուրջ կերպով իր գերիշխանութիւնը կը պարտադրէ իր բոլոր հողերուն վրայ, իր ձեռքը կ՛առնէ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումը եւ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ զէնքի մենաշնորհը ունի», նշեց Ժահժահ:

Անդրադառնալով վերաշինութեան` Ժահժահ ընդգծեց, որ «անիկա ազգային պարտականութիւն է, որմէ կարելի չէ հրաժարիլ, սակայն նաեւ անոր իրագործման համար կարիքը ունինք արաբական ու արեւմտեան աշխարհին»:

 

 

Նախորդը

Ապտալլա. «Սուրիոյ Մասնատումը Իսրայէլէն Բացի Ոչ Ոքի Շահերէն Կը Բխի»

Յաջորդը

Ռասամնի. «Աշխատանք Կը Տանինք Պէյրութի Օդակայանի Զարգացման Ու Բարեկարգման Վրայ, Եւ Պետութիւնը Կը Ձգտի Մէկէ Աւելի Օդակայան Ապահովել»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?