Լիբանանեան

Լիբանանեան Բանակը Ստանձնեց Իսրայէլի  Կողմէ Առեւանգուած Զինուորը

Լիբանանեան Բանակը Ստանձնեց Իսրայէլի Կողմէ Առեւանգուած Զինուորը

Լիբանանեան բանակը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէէն ստանձնած է 9 մարտին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ առեւանգուած զինուորը եւ զինք դարմանումի համար տեղափոխած է հիւանդանոց: Նախքան այդ, «Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը Ռաս Նաքուրայի սահմանային անցակէտին վրայ ստանձնած է իր զինուորներէն Զիատ Շըպլին եւ զայն տեղափոխած հիւանդանոց` շարունակելու համար դարմանումը, Մազրաաթ Պասթարայէն իր առեւանգման ընթացքին իսրայէլեան...

Նախարար Պայրագտարեան Վարչապետ Սալամի Հետ  Քննարկեց Հայ Համայնքին Առնչուող Հարցեր

Նախարար Պայրագտարեան Վարչապետ Սալամի Հետ Քննարկեց Հայ Համայնքին Առնչուող Հարցեր

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան չորեքշաբթի, 12 մարտին այցելեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ անոր հետ քննարկեց հայ համայնքին առնչուող հարցեր: Նախարարը այս առիթով նաեւ վարչապետին ներկայացուց մշակուող ծրագիրները, որոնք յառաջիկայ փուլին պիտի գործադրուին, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ ազգային ռազմավարութիւնը, թուային հարթակի ձեռնարկման ծրագիրը եւ շարք մը բարեկամ ու եղբայրական պետութիւններու հետ գործակցութեան համաձայնութիւնները կեանքի...

Խուրի. «Լիբանանի Առաջնահերթութիւնը  Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացումը Չէ, Այլ Հողերու Ազատագրումը»

Խուրի. «Լիբանանի Առաջնահերթութիւնը Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Չէ, Այլ Հողերու Ազատագրումը»

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Էլիաս Խուրի «Տիար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ սուրիական վարչակարգի յեղաշրջման օրը պատահեցաւ, այսօր կը շարունակուի: Կը տեսնենք, որ սուրիական պատկերը վերջնական չէ եւ քանի մը փուլերով պիտի շարունակուի: Դէպքերը ցաւալի են ու շատ մեծ, եւ կրնան հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձագանգ ունենալ, մանաւանդ, որ ուղղակի կերպով կ՛ազդուինք Սուրիոյ իրադարձութիւններէն, որովհետեւ Սուրիոյ ծովեզերեայ...

Լիբանանի Մէջ Քանատայի Դեսպանը Համատեղութեան  Կարգով Սուրիոյ Մէջ Դեսպան Նշանակուեցաւ

Լիբանանի Մէջ Քանատայի Դեսպանը Համատեղութեան Կարգով Սուրիոյ Մէջ Դեսպան Նշանակուեցաւ

Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄքՔալըմ համատեղութեան կարգով Սուրիոյ մէջ Քանատայի դեսպան նշանակուած է: «Պիտի մեղմացնենք պատժամիջոցները, սուրիական կարգ մը դրամատուներուն, ներառեալ Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատան գումարներ ուղարկելը արտօնելու համար», նշեց նախարարութիւնը: Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ «Սուրիոյ մէջ տագնապին արձագանգելով մարդասիրական օժանդակութիւններու համար 84 միլիոն տոլարի արժէքով նոր ֆինանսաւորում» յայտարարեց:

Ռասամնի. «Աշխատանք Կը Տանինք Պէյրութի  Օդակայանի Զարգացման Ու Բարեկարգման Վրայ,  Եւ Պետութիւնը Կը Ձգտի Մէկէ Աւելի Օդակայան Ապահովել»

Ռասամնի Քաղաքային Թռիչքներու Տնօրէնութեան Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարեց

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի հաղորդագրութեան մը ճամբով հրապարակեց շարք մը որոշումներ` փոփոխութեան ենթարկելով Քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր տնօրէնութեան մէջ կարգ մը պաշտօններ` բաւարարելու համար օդակայանի կառավարման բարելաւման համար ակնկալութիւնները, մինչեւ քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր մարմինի վարչական խորհուրդ կազմելու աշխուժ քայլերու ամբողջացումը: Որոշումներուն հիմամբ Ամին Ժապեր նշանակուեցաւ Քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր տնօրէն, Քամալ Նասրէտտին` օդակայանի տնօրէն, Մոհամետ Սաատ Պամհամ սարքերու վերանորոգման...

Իսրայէլ Ազատ Արձակեց Հինգ Լիբանանցի Գերիներ

Լիբանան Մերժած Է Իսրայէլի Հետ Դիւանագիտական- Քաղաքական Յանձնախումբ Յառաջացնելու Առաջարկը

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ ամերիկացիներն ու իսրայէլացիները այն կարծիքին են, թէ զինադադարի գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբի զինուորական բնոյթի աշխատանքը աւարտեցաւ, եւ անոր փոխարէն պէտք է դիւանագիտական-քաղաքական յանձնախումբ մը յառաջացնել: Լիբանան, սակայն, մերժած է այդ առաջարկը, որովհետեւ յանձնախումբի քաղաքական-դիւանագիտական բնոյթը թշնամիին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում կը նշանակէ:  

Քաղաքական Աղբիւր Մը` Իսրայէլեան  Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին.  «Նեթանիահուի Քաղաքականութիւնը Փոխեց  Միջին Արեւելքը, Եւ Կ՛ուզենք Թափը Պահել  Եւ Հասնիլ Լիբանանի Հետ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Քաղաքական Աղբիւր Մը` Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. «Նեթանիահուի Քաղաքականութիւնը Փոխեց Միջին Արեւելքը, Եւ Կ՛ուզենք Թափը Պահել Եւ Հասնիլ Լիբանանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը փոխեց Միջին Արեւելքը, եւ կ՛ուզենք թափը պահել եւ հասնիլ Լիբանանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման»: «Լիբանան սահմաններուն վերաբերեալ պահանջներ ունի, մենք եւս պահանջներ ունինք, եւ հարցերը պիտի քննարկենք», նշած է աղբիւրը: «Լիբանանի հետ բանակցութիւնները լայն ու համապարփակ ծրագիրի մը մէկ մասն են», աւելցուցած է քաղաքական աղբիւրը:

Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական  Յանձնախումբը ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Ֆինանսաւորման  Շուրջ Նիստ Մը Գումարեց

Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական Յանձնախումբը ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Ֆինանսաւորման Շուրջ Նիստ Մը Գումարեց

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ յանձնախումբի անդամներուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Երեսփոխան Ալամէ նիստէն ետք յայտնեց, որ նիստը յատկացուած էր Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պատասխանատուի հետ հանդիպումին, «քննարկելու համար ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորման հարցը, որովհետեւ կը լսենք, որ այդ ֆինանսաւորումը կը դադրի...

Պայրագտարեան Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը  Եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Կառոյցի Պատուիրակութիւնը

Պայրագտարեան Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը Եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Կառոյցի Պատուիրակութիւնը

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք զարգացնելու եւ ամրապնդելու կարելիութիւնները: Պայրագտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի` Լիբանանի մնայուն աջակցութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ անոր կողքին կանգնելուն համար, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ Ֆրանսան սերտէ Մարզական աւանի վերաշինութեան ջանքերուն աջակցութեան տրամադրումը: Ան նաեւ ներկայացուց Լիբանանի...

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը  Այցելեց Վարչապետ Սալամի

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Սալամի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելած է վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմատետրեան էջը: «Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի օրակարգի խորացման եւ շրջանային ընթացիկ հոլովոյթներուն առնչուող հարցեր», կը նշէ դեսպանատան էջը:  

Ժոմպլաթ Հանդիպում Ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու  Արտաքին Գործոց Նախարարի Օգնականի Տեղակալին  Եւ Գերմանացի Նախարարի Մը Հետ

Ժոմպլաթ Հանդիպում Ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Օգնականի Տեղակալին Եւ Գերմանացի Նախարարի Մը Հետ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր տան մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնականի տեղակալ Նաթաշա Ֆրանչեսքիի հետ, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ֆոնսընը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ քաղաքական ու այլ զարգացումները: Ժոմպլաթ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ տնտեսական գործակցութեան ու բարգաւաճման հարցերու խորհրդարանական պետական նախարար Նիլզ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան նախագահ Էրնեսթօ Ռամիրեզ Ռիկոյի հետ հանդիպումի ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է բարեկարգումներու կատարման: Ռիկօ իր կարգին յայտնեց. «Անհրաժեշտ է նախագծել ելեւմտական բարեկարգումի միացեալ ծրագիր մը, որ Լիբանանին կ՛օգնէ իր ճգնաժամերէն դուրս գալ»: - ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ եթէ այսօր նշանակումները կատարուին, այդ մէկը պետութեան...

Իսրայէլ Ազատ Արձակեց Հինգ Լիբանանցի Գերիներ

Իսրայէլ Ազատ Արձակեց Հինգ Լիբանանցի Գերիներ

«Ամերիկայի, Ֆրանսայի Եւ Լիբանանի Հետ Սահմաններու Հարցի Լուծման Համար Աշխատանքային Խմբակի Ստեղծման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացաւ» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ Նաքուրա գիւղին մէջ գումարուած է ժողով մը` մասնակցութեամբ իսրայէլեան բանակի, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներու: Գրասենեակը հաղորդեց, որ Նաքուրայի հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է շրջանին մէջ անվտանգութեան ամրապնդման միացեալ երեք խումբեր ստեղծելու շուրջ:...

Օրթէյկըս. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Խնդիրներու Լուծման Դիւանագիտական Աշխատանքային  Խումբեր Յառաջացուցինք»

Օրթէյկըս. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Խնդիրներու Լուծման Դիւանագիտական Աշխատանքային Խումբեր Յառաջացուցինք»

Լիբանանի հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Մորկըն Օրթէյկըս գովաբանեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի աշխատանքը: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով` խաղաղութիւնն ու քաղաքական եւ դիւանագիտական որոշումներու գործադրումն է, որ կրնայ սահմաններու խնդիրը լուծել` աւելցնելով. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Կապոյտ գիծի եւ այլ խնդիրներու լուծման համար դիւանագիտական աշխատանքային խումբեր յառաջացուցինք, եւ ես լաւատես եմ հինգ կէտերու (հարաւային...

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի  Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի Պատուիրակութեան Հետ

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի Պատուիրակութեան Հետ

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնէն պատուիրակութիւն մը, որ նախարարին ներկայացուց ֆետերասիոնին պարզած կացութիւնը, աշխատանքային ծրագիրն ու յառաջիկայ արտաքին ծրագիրները մաղթելով, որ Մարզական աւանը կը վերանորոգուի եւ մարզիկներուն կազմածներու ապահովման օգնութիւն կը տրամադրուի: Ֆետերասիոնը դրականօրէն անդրադարձաւ նախարար Պայրագտարեանի` Ողիմպիական յանձնախումբի ընտրութիւններուն մէջ համախոհութիւն գոյացնելու ուղղուածութեան:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Տէյր Զահրանի-Հումին Ֆաուքա ճամբուն վրայ յարձակում գործեց ինքնաշարժի մը վրայ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ «քաղաքացի մը նահատակուած է»: Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է. «Լիբանանի մէջ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի օդային պաշտպանութեան միաւորի բարձրաստիճան անդամ մըն է»: - «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը երկու յարձակում գործած է` թիրախաւորելով Ուատի...

Նախագահ Աուն. «Եթէ Մեր Նեղ Տեսանկիւնին  Գերիները Մնանք, Մեր Դիմաց Բացուած Առիթներէն Շատերը Պիտի Կորսնցնենք»

Նախագահ Աուն. «Եթէ Մեր Նեղ Տեսանկիւնին Գերիները Մնանք, Մեր Դիմաց Բացուած Առիթներէն Շատերը Պիտի Կորսնցնենք»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Անտոնեան միաբանութեան աբբահայր Ժոզեֆ Պու Ռաատն ու անոր ընկերակցող միաբանական պատուիրակութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց. «Մեր առաջին պարտաւորութիւնը պահանջուած բարեկարգումները կատարելն է, ինչ որ կարգ մը մտայնութիւններու փոփոխութեան կը նպաստէ»: «Նոր Լիբանանը պիտի կառուցենք, ինչ որ անկարելի բան մը չէ, եւ պէտք է անոր համար դուրս գանք համայնքային, յարանուանական եւ կուսակցական նեղ...

Պասիլ. «Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ,  Ոչ Միայն Սուրիոյ, Այլ Նաեւ Լիբանանին  Մեծ Վտանգ Կը Ներկայացնէ»

Պասիլ. «Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ, Ոչ Միայն Սուրիոյ, Այլ Նաեւ Լիբանանին Մեծ Վտանգ Կը Ներկայացնէ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, ոչ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ Լիբանանին մեծ վտանգ կը ներկայացնէ: Անիկա շրջանի մասնատման ծրագիր է, որմէ անվնաս պիտի չմնայ Լիբանանը, ուստի մենք Սուրիոյ միութեան, Իրաքի, Յորդանանի, Լիբանանի եւ մեր շուրջ գտնուող բոլոր պետութիւններու միութեան կողքին ենք, որովհետեւ գիտենք մասնատման իմաստը»: «Լիբանանի անցած բոլոր դժուար...

Շէյխ Քասեմ. «Լիբանանի Մէջ Անվտանգութեան  Հսկողութեան Համար Զէնքի Ապահովական Ուժերու  Եւ Բանակի Մենաշնորհին Հետ Ենք, Իսկ Մեր Զէնքը  Իսրայէլի Դիմակայման Համար Է»

Շէյխ Քասեմ. «Լիբանանի Մէջ Անվտանգութեան Հսկողութեան Համար Զէնքի Ապահովական Ուժերու Եւ Բանակի Մենաշնորհին Հետ Ենք, Իսկ Մեր Զէնքը Իսրայէլի Դիմակայման Համար Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ պատկերասփռուած զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը լաւ վիճակի մէջ է եւ կը շարունակուի, սակայն վիրաւորուեցաւ, վնասուեցաւ եւ զոհեր տուաւ: Սակայն արդեօք ոեւէ մէկը կը սպասէ՞, որ Դիմադրութիւնը առանց զոհաբերութեան շարունակուի»: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց. «Զինադադարի համաձայնութիւնը յստակ է, ատիկա յայտարարուեցաւ ու հրապարակուեցաւ, եւ անոր մէջ «Լիթանի գետի հարաւ» եզրը 5 անգամ կրկնուեցաւ: Չկայ գաղտնի համաձայնութիւն...

Պայրագտարեան Ընդունեց Դեսպան Աթաբէկեանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Դեսպան Աթաբէկեանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Պայրագտարեան դեսպան Աթաբէկեանի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու, մանաւանդ տարբեր ոլորտներու մէջ միացեալ աշխատանքներ կատարելու կարելիութիւնները: Դեսպանը Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնն ու դրական տրամադրուածութիւնը յայտնեց բոլոր գաղափարներուն նկատմամբ, որոնք կրնան ծառայել հասարակաց արժէքներուն եւ երկու երկիրներուն մէջ երիտասարդներու օգտին են:...

Page 134 of 986 1 … 133 134 135 … 986

Արխիւներ