Պայրագտարեան Այցելեց Պըրրիի
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ կէսօրին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ խոր գնահատանքը արտայայտեց մարմնակրթական ընտանիքի միասնականութեան առչնուող իր համախոհական նախաձեռնութեան վերաբերեալ Պըրրիի իւրայատուկ դիրքորոշման նկատմամբ: «Խորհրդարանի նախագահին համար նորութիւն չէ համաձայնութեան եւ միասնականութեան ձգտող նախաձեռնութեան մը որդեգրումը, որովհետեւ ան միշտ ալ համաձայնութեան նախաձեռնողն ու ազգային միասնականութեան մնայուն ու հիմնական հովանաւորներէն մէկը եղած է, ինչպէս...




















