Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն. «Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելու Որոշումը Տրուեցաւ, Կը Մնայ Նախագահութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Երկկողմ Երկխօսութեան Ճամբով Անոր Գործադրութիւնը»

Ապրիլ 16, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Արապի Ժատիտ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլան նոր պատերազմի մէջ ներքաշուելու պատրաստ չէ»` նշելով. «Աշխատանք կը տանիմ, որ 2025 թուականը զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու տարին ըլլայ»:

«Հըզպալլայի` բանակին հետ համարկման մէջ իրաքեան աշխարհազօրի փորձառութիւնը պիտի չընդօրինակենք, ո՛չ ալ անիկա բանակին մէջ անկախ միաւոր պիտի ըլլայ, այլ Հըզպալլայի անդամները կրնան զինուորագրուիլ բանակին եւ ենթարկուիլ համարկման մարզումի, ինչպէս Լիբանանի պատերազմի աւարտին բազմաթիւ կուսակցութիւններու հետ տեղի ունեցաւ», ըսաւ նախագահը:

«Ես եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին բոլոր նիւթերուն շուրջ, մասնաւորաբար զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն մէջ համաձայն ենք», նշեց Աուն:

«Ամերիկացիները գիտեն, թէ ներկայիս մեր եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացում կամ խաղաղութեան բանակցութիւններ չեն կրնար տեղի ունենալ», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով. «Միջին Արեւելքի ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի հետ չխօսեցայ Իսրայէլի հետ զգայուն թղթածրարներու քննարկման համար դիւանագիտական յանձնախումբեր կազմելու մասին, այլ ըսի, թէ Իսրայէլի հինգ կէտերուն վրայ մնալը Հըզպալլային պատրուակ կու տայ, եւ մենք կ՛ուզենք կուսակցութիւնը ապազինել, սակայն Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ չենք ուզեր յառաջացնել»:

«Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռարձակումներու հեղինակներուն մատնահետքերը այլեւս ունինք, եւ եթէ անոնք լիբանանցիներ են, ապա անոնց ինքնութիւնը պիտի գիտնանք», ըսաւ ան:

«Հըզպալլան ներկայ փուլին ինքնազսպում եւ մեծ գիտակցութիւն ունենալը փաստեց եւ պատասխանատուութեան բարձրութեան վրայ գտնուեցաւ` չհակադարձելով իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն», յայտնեց նախագահը:

«Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը տրուեցաւ. կը մնայ անոր գործադրութեան ձեւը ճշդել երկխօսութեան ճամբով, որ իմ կարծիքովս` նախագահական պալատին ու Հըզպալլայի միջեւ երկկողմանի պէտք է ըլլայ», ըսաւ նախագահ Ժոզեֆ Աուն` հարց տալով. «Ան որ զիս կը քննադատէ, որովհետեւ Հըզպալլայի զէնքը կ՛ուզեմ երկխօսութեան ճամբով ստանձնել, ի՞նչ պիտի ընէր, եթէ տեղս ըլլար»:

«Ամերիկացիները զէնքին շուտափոյթ կերպով պետութեան մենաշնորհ դարձուիլը կ՛ուզեն, սակայն անոնց ըսի, որ եթէ ատիկա կ՛ուզէք, ապա պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնէք, եւ Հըզպալլայի հետ աշխատանքի առաքելութիւնը մեզի ձգեցէք», նշեց ան:

«Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւններն ու հուսիներուն եւ աշխարհազօրին նկատմամ Իրանի արդիական դիրքորոշումը պայմաններ են, որոնք կը նպաստեն Հըզպալլայի հետ խօսելուն», յայտնեց նախագահը` նշելով. «Նախագահական պալատին ու Հըզպալլայի միջեւ ուղիղ կապը կայ, եւ ատոր արդիւնքը գետնի վրայ կ՛երեւի»:

«Կ՛ուզեմ Ուաշինկթըն այցելել, սակայն հիմա առաջնահերթութիւնը տրուած է արաբական պետութիւններ այցելութեան, որովհետեւ անոնք Լիբանանին օգնելու ամէնէն մօտիկն են», ըսաւ նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ պնդեց. «Իմ եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ բնաւ խնդիր չկայ»:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ եւս երկուշաբթի գիշեր հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր. «Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը տրուած է, եւ անոր գործադրութիւնը պիտի ըլլայ երկխօսութեան ճամբով եւ առանց ուժի կիրարկման, որովհետեւ քաղաքացիական խաղաղութիւնը կարմիր գիծ է»:

«Բանակին ձեռքբերումները մեծ են. անիկա Լիթանի գետին հարաւը, նաեւ հիւսիսը փապուղիներ եւ զէնքի պահեստանոցներ գտաւ», ըսած էր Աուն` աւելցնելով. «Բանակը Լիթանիէն հարաւ իր պարտականութիւնը կը կատարէ, կը կազմաքանդէ փապուղիներ եւ զէնքեր կը գրաւէ առանց Հըզպալլայի ընդդիմութեան»:

«Մենք բացառութեամբ Մազարեհ Շեպաայի հարցին ցամաքային սահմանագծման հարցին համար զինուորական-քաղաքային յանձնախումբի ստեղծման գաղափարին հետ ենք», նշած էր նախագահը:

Նախորդը

Պըրրի. «Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Յետաձգումը Մերժելի Է, Եւ Պէտք Է Պէյրութի Քաղաքապետութեան Մէջ Հաւասարութիւնը Պահպանել»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Կրօնական Ազատութեան 2025-ի Զեկուցումը Անդրադարձած Է Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Կողմէ Հայկական Յուշարձաններու Ոչնչացման Շարունակուող Դէպքերուն

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?