Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆատլալլա. «Որեւէ Ներքին Երկխօսութիւն Պէտք Է Մեկնի Ազգային Առաջնահերթութենէ Եւ Առանցքային Խնդիրէ, Որուն Խորագիրն Է «Իսրայէլը Լիբանանի Թշնամին Է»

April 15, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Որեւէ ներքին երկխօսութիւն պէտք է մեկնի ազգային առաջնահերթութենէ եւ առանցքային խնդիրէ, որուն խորագիրն է «Իսրայէլը Լիբանանի թշնամին է» եւ զայն մեր հողերէն վտարելը, մեր գերիները ազատելը, անոր յարձակումն ու գերիշխանութեան թիրախաւորումը դադրեցնելը, իսկ թշնամիին քանդածին վերաշինութիւնը իրենց երկրին հաւատարիմ լիբանանցիներուն, անոնց պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն ուսերուն վրայ դրուած պարտաւորութիւն է»:

«Ասիկա պէտք է ըլլայ պետութեան եւ անոր կառոյցներուն գլխաւոր առաջնահերթութիւնը եւ առանցքային ազգային հարցը, իսկ պաշտպանական ռազմավարութիւնը Լիբանանի ներքին հարցն է, որուն շուրջ փոխըմբռնում կը յառաջացնեն այս խորագիրներուն հաւատացողները եւ Իսրայէլը Լիբանանի թշնամի նկատողները, իսկ անոնք, որոնք Իսրայէլը Լիբանանի թշնամի չեն նկատեր եւ ներքին պառակտումներ կը ստեղծեն, թշնամին կը ջատագովեն ու կ՛արդարացնեն, ապա անոնք արժանի չեն մաս կազմելու ներքին երկխօսութեան, որ կը քննարկէ գերիշխանութեան պաշտպանութեան ուժի տարրերու կառուցման կերպերը», ըսաւ երեսփոխանը:

«Դիմադրութեան դէմ գրգռութեան արշաւը ամերիկեան վարչակազմը կը ղեկավարէ եւ իր արձագանգը կը գտնէ Լիբանանի մէջ ծանօթ կողմերու ու խմբաւորումներու մօտ, որոնք այն նոյն կողմերն են, որ միշտ ալ բռնագրաւումի դիմադրութեան դէմ էին, եւ կարգ մը փուլերու անոր քանդիչ ծրագիրին մէկ մասը:

«Այդպիսի կողմերը չեն կրնար լիբանանցիներուն կամ պետութեան ու անոր կառոյցներուն տեղ որոշել: Ճիշդ է, որ կան պետութիւններ, որոնք այս արշաւին լրատուամիջոցներ կը տրամադրեն, եւ անոնց ձայնը բարձր է, սակայն նպատակները իրագործելու դիրքի վրայ չէ, ուստի մեր ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղենք` անոր կարեւորութիւն չտալու: Անոնք շատ կը խօսին իրենց հաւատարմագիրները օտարին ներկայացնելու համար, եւ անոր գրգռիչ արշաւը ազգային շահին հետ որեւէ կապ չունի», նշեց Ֆատլալլա:

Հաւատարմութեան դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը անդրադառնալով վերաշինութեան թղթածրարին շեշտեց. «Հակառակ պաշարման, սահմանափակելու փորձերուն եւ ներքին դաւադրութեան, մինչեւ հիմա պատսպարման ու վերանորոգման ծրագիրին 80 առ հարիւրը ամբողջացուցինք եւ պիտի շարունակենք այդ փուլը, ինչ ալ ըլլան խոչընդոտման փորձերը: Ասիկա, սակայն, պետութիւնը չ՛ազատեր իր ժողովուրդին նկատմամբ իր պարտաւորութիւններէն, մասնաւորաբար քանդուած շէնքերու եւ ենթակառոյցներու հարցին մէջ:

«Պետութեան մօտ գումարներ կան, եւ անիկա կրնայ այդ գումարները ծախսել ջուրի, ելեկտրականութեան, ճամբաներու եւ այլ ծրագիրներու վրայ, այս թղթածրարը մեր կողմէ հետապնդումի ենթակայ է, եւ կառավարութիւնը ուղղակի պատասխանատուութիւն կը կրէ: Կը մերժենք այս թղթածրարը որեւէ այլ հարցի կապելը»:

«Ոմանք կ՛ուզեն մարդիկ շանթաժի ենթարկել կամ կը կարծեն, թէ կրնան մեր ժողովուրդի քաղաքական ընտրանքներուն վրայ ազդել եւ կ՛ուզեն վերաշինութիւնը կապել յառաջիկայ տարուան երեսփոխանական ընտրութիւններուն, սակայն մեր ժողովուրդը իր լաւագոյն զաւակները զոհաբերեց եւ դէմ պիտի դնէ այդ մարտահրաւէրին ու ձախողութեան պիտի մատնէ այդ գրաւը», յայտնեց երեսփոխանը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Դամասկոս Այցելութեան Աւարտին. Սալամ. «Այցելութիւնը Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններուն Մէջ Փոխադարձ Յարգանքի Հիմամբ Նոր Էջ Պիտի Բանայ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.