Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան դոկտ. Ահմետ պըն Մոհամետ Սայիտին:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Օմանի միջեւ մարմնակրթական ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները: