Նախարարաց խորհուրդը շաբաթ օր վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին որդեգրեց դրամատուներու վերադասաւորման եւ անոնց կացութեան բարեկարգման վերաբերող օրինագիծը:
Տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս նիստի աւարտին յայտնեց. «Քանի մը շաբթուան ընթացքին կարողացանք որդեգրել Լիբանանի դրամատնային մարզի եւ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն կարիք ունեցած բարեկարգչական խումբ մը որոշումներ, որոնք համահունչ են Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան պահանջներուն»:
Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը այժմ իր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ պատրաստութեանը վրայ օրինագիծի մը, որ կը լուծէ ելեւմտական բացը, ինչ որ պիտի արտօնէ վերականգնել ելեւմտական հաւասարակշռութիւնը` նշելով, որ դրամատուներուն կացութեան բարեկարգման ու վերակազմակերպման առնչուած օրինագիծը էր եւ կը շարունակէ մնալ Լիբանանի օժանդակութեամբ հետաքրքրուած միջազգային կառոյցներու մէկ պահանջը:
Մըրքոս նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեւմտական ու տնտեսական ճգնաժամերը, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարները բոլորն ալ կ՛առնչուին անհրաժեշտ օրէնսդրութիւններու կանոնաւորման: