Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երեքշաբթի կէս գիշերէն առաջ Ռամիա գիւղի մերձակայքին վրայ իրերայաջորդ 3 յարձակումներ գործեց: Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտ յայտարարեց, թէ իր ուժերը երեքշաբթի գիշեր Հարաւային Լիբանանի մէջ յարձակում գործած են` պնդելով, թէ «յարձակումը թիրախաւորած է Հըզպալլայի ենթակառոյցը»:

Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Հըզպալլան քաղաքային ենթակառոյցներ կ՛օգտագործէ զինուորական նպատակներու համար` շեշտելով, որ արգելք պիտի հանդիսանայ Հըզպալլայի կողմէ իր զինուորական ներկայութիւնը քաղաքային ծածկոյթի տակ վերականգնելու կամ ստեղծելու փորձերուն:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Ուատի Հուժէյրի մէջ հարուածեց «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ վիրաւոր մը:

– ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ օր Այթարունի մէջ ինքնաշարժի վրայ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը յարձակումին պատճառով վիրաւորուած քաղաքացին` Մոհամետ Պայտուն, մահացաւ: Այդպիսով յարձակումին հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացաւ 2-ի: Նախապէս հաղորդուած էր, որ այլ քաղաքացի մը` Ալի Պայտունը զոհուած է:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառին մէջ մոթորսիքլեթ մը թիրախաւորեց:

– ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Հանին գիւղին վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումին պատճառով քաղաքացի մը զոհուած է եւ ուրիշ մը` վիրաւորուած:

– ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նուաֆ Սալամ 19-23 յունուար 2026-ին Տաւոսի միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէր ստացաւ:

– ԻՐԱՔԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախագահ Աունի իրաքեան աշխարհազօրի մասին յայտարարութեան պատճառով իր մօտ կանչեց Պաղտատի մէջ Լիբանանի դեսպանը:

Նախագահը ըսած էր, որ Հըզպալլայի անդամներու լիբանանեան բանակին համարկման մէջ Իրաքի աշխարհազօրի օրինակին պիտի չհետեւին` նշելով, որ այդ ուժերը շիիական կիսազինուորական ուժեր են, որոնք Իրանի աջակցութիւնը կը վայելեն, իրաքեան կառավարութեան հետ կապ ունին եւ սերտօրէն առնչուած են տարիներով Իրանի հետ դաշնակից Շիիական պլոքին, որ տարիներով Պաղտատի մէջ քաղաքականութեան վրայ վերահսկողութիւն հաստատեց:

– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտարարեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին ցուցմունք տուած է լիբանանեան բոլոր գիւղաքաղաքներուն ու քաղաքներուն մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններուն չմիջամտելու, ո՛չ թեկնածու առաջադրելու, ո՛չ ալ թեկնածուի զօրակցելու:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանէն երկու հրթիռակոծումներու հեղինակ խումբի շարք մը անդամներ ձերբակալած է:

Նախորդը

Յորդանանի Մէջ Հրթիռներու Արտադրման Բջիջի Հարցով Նախագահ Աուն-Ապտալլա Բ. Թագաւոր Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Օմանի Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?