Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 15, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարի պատուիրակ Եազիտ պըն Ֆարհան իշխանը, որուն վստահուած է լիբանանեան թղթածրարով զբաղելու պարտականութիւնը, երէկ առաւօտեան այցելած է Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հետ:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ` վերջինիս Դամասկոս այցելութենէն ժամեր առաջ:

Պըն Ֆարհան նախապէս առանցքային դեր ունեցած է լիբանանեան եւ սուրիական կողմերուն միջեւ վիհի կամրջման մէջ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Պէյրութի եւ Դամասկոսի միջեւ հաղորդակցութեան կապերու վերականգնման, ինչ որ պսակուած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ Ռիատի մէջ հանդիպումով:

-ՆԱԽԱԳԱՀ  Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յատկացումներու ենթայանձնախումբի անդամ Փոլ Կրովը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիսա Ճոնսընը:

Նախագահ Աուն ծերակուտականին յայտնեց. «Բարեկարգման երթը ընթացք առաւ, եւ ատիկա հաստատօրէն ի շահ Լիբանանի է, նախքան միջազգային ընտանիքի փափաքին հիմամբ ըլլալը»:

Ծերակուտականը իր կարգին ընդգծեց «Լիբանանի աջակցութեան ամերիկեան օժանդակութիւններու շարունակումը»:

– ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին մօտիկ աղբիւր մը «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին Լիբանան իր վերջին այցելութեան ընթացքին «քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութիւն չյայտնեց, այլ նախանձախնդրութիւն յայտնեց Սայտայի, Թրիփոլիի եւ Պէյրութի նկատմամբ»:

Ան ըսած է, թէ ընտրութիւններուն առնչուած Հարիրիի մտահոգութիւնը կապուած է «միայն մայրաքաղաքին մէջ հաւասարութեան սկզբունքի ապահովման, ընտանիքներուն ձգելով իրենց ընտրանքները ճշդել, եւ ինք հաստատաբար անոնց զօրավիգ պիտի կանգնի»:

«Ժատիտ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պէյրութի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքէն (թեկնածու) անձնաւորութիւններ չկան, այլ Հարիրիի ուղղուածութեան ծիրին մէջ եղող անուններ»:

– ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Իբրեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոք ամենայն պատասխանատուութեամբ պիտի մօտենանք եւ խորապէս սերտենք դրամատուներու վերադասաւորման ծրագիրը` մեկնելով տնտեսական վերականգնման մթնոլորտի ապահովման սկզբունքին վրայ եւ պահ դրուած գումարները սեփականատէրերուն վերադարձնելու անհրաժեշտութենէն` առանց ժողովրդահաճութեան եւ առանց շտապողականութեան:

«Ժամանակն է երկիրը դուրս բերելու իր ճգնաժամէն եւ վերականգնելու լիբանանցիներու ու օտարներու վստահութիւնը` քաջալերելու համար ներդրումները»:

– ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ամեր Պսաթ «Պլումպըրկ»-ին յայտնեց. «Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցող լիբանանցիները ելեւմտական որեւէ բարեկարգումի ծիրին մէջ աստիճանաբար պիտի վերստանան իրենց գումարները»:

 

Նախորդը

Այցելութիւն Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատուն

Յաջորդը

Ֆատլալլա. «Որեւէ Ներքին Երկխօսութիւն Պէտք Է Մեկնի Ազգային Առաջնահերթութենէ Եւ Առանցքային Խնդիրէ, Որուն Խորագիրն Է «Իսրայէլը Լիբանանի Թշնամին Է»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.