Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն 13 ապրիլ 1975-ի դէպքերու 50-ամեակին առիթով լիբանանցիներուն իր յղած պատկերասփռուած ուղերձին ընթացքին յայտնեց. «Յիսուն տարի ետք, ես ինծի հարց կու տամ եւ բոլոր պատասխանատուներուն կը հարցնեմ. «Ինչի՞ համար»: Ճիշդ է, որ պատերազմը աւարտեցաւ Թաէֆի համաձայնագիրով, որ ազգային համաձայնական փոխզիջումներ, սահմանադրական հիմնական բարեփոխումներ ընդգրկեց, սակայն կը մնայ հետեւեալ հարցումը. «Կարելի չէ՞ր այդ բարեփոխումները երկխօսութեամբ կատարել, առանց պատերազմի կարիք ունենալու: Կարելի չէ՞ր մեր համակարգը երկխօսութեամբ ու համաձայնութեամբ զարգացնել, առանց քանդումի եւ կռիւներու»: Այո՛, անշուշտ կարելի էր: Ուրեմն ինչո՞ւ չկրցանք կատարել: Այո՛, մեծ պատասխանատուութիւն կը կրենք, ինչպէս նաեւ արտաքին բազմաթիւ ազդակները մեզի արգելք հանդիսացան եւ նպաստեցին մեր պատերազմի բռնկման, եւ մեր պատերազմը դարձաւ նոյն ատեն ուրիշներուն պատերազմը, սակայն միայն մեր հողին վրայ եւ մեր արիւնով, եւ մենք միայն գինը վճարեցինք»:
Նախագահը աւելցուց. «Այլ ողբերգութիւններու ծնունդ տուած այդ ողբերգութենէն կէս դար ետք կու գամ լիբանանցի եղբայրներուս ըսելու, թէ մեր պարտաւորութիւնն է սորված ըլլալ անցնող յիսուն տարիներէն: Առաջին դասը, որ սորվեցանք, այն է, որ բռնութիւնն ու ատելութիւնը Լիբանանի մէջ որեւէ խնդիր չեն լուծեր, եւ միայն մեր երկխօսութիւնը կրնայ մեր ներքին խնդիրներուն բոլոր լուծումները բերել, որովհետեւ ասիկա հայրենիք մըն է, որ սկզբունքներ ունի, առաջինը, թէ ոչ ոք միւսը կը ջնջէ:
«Երկրորդ դասը այն է, որ ամէն անգամ որ մէկը օտարին ուժը օգտագործէ հայրենիքի մէջ իր գործընկերոջ դէմ, կը կորսնցնէ, ինչպէս իր գործընկերը եւս կը կորսնցնէ, նաեւ հայրենիքը կը կորսնցնէ: Բոլորս այդ սխալը գործեցինք, եւ ատոր գինը վճարեցինք: Ժամանակն է, որ սորվինք մեր սխալներէն: Ժամանակն է, որ գիտակցինք, թէ մեր միջեւ ներքին կարգաւորման գինը որքան ալ մեծ ըլլայ, մեր բոլորին ու Լիբանանին համար նուազ կ՛ըլլայ, քան օտարին մեր վճարած որեւէ գին:
«Իսկ երրորդ դասը, ապա այն է, որ այս հայրենիքին մէջ բոլորս լիբանանեան պետութենէն բացի այլ ապաստան չունինք: Պատերազմի յիսուն տարիներու ընթացքին, Մեծն Լիբանանի հարիւր տարիներուն ընթացքին, մեզի հաստատ դարձաւ, թէ Լիբանանէն փոքր եղող գաղափարները լիբանանեան իրողութեան մէջ տեղ չունին, եւ Լիբանանէն մեծ եղող պատրանքները մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին որեւէ բարիք չբերին: Ուստի բոլորս յայտարարեցինք, թէ Լիբանանին կը հաւատանք, իբրեւ բոլորիս վերջնական հայրենիք: Եւ երբ կ՛ըսեմ` «միայն լիբանանեան պետութեամբ ունինք փրկութիւն», ապա ըսել կ՛ուզենք անոր հաստատութիւնները, իրարու նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը, բոլորս հաւասար ըլլալ` նոյնիսկ մեր տարակարծութիւններուն մէջ: Մեզմէ ոչ ոք կը վախնայ եւ մեզմէ ոչ ոք կը վախցնէ: Ոչ ոք անիրաւող է եւ ոչ ոք` անիրաւուած: Բոլորս, ինչպէս շարունակ կը կրկնեմ, մէկ դրօշի շուքին տակ ենք եւ մէկ ինքնութիւն ունինք»:
«Քանի մը օր առաջ հարաւային Լիբանանէն անյայտ հրթիռներ արձակուեցան. զանոնք արձակողը յայտնի չեղաւ, սակայն լիբանանցիները միաձայնութեամբ նշեցին, որ անիկա Լիբանանի դէմ է, մեր պետութեան դէմ նենգ դաւադրութիւն է, որ կը թիրախաւորէ անոր կայունութիւնն ու լիբանանցիներու անվտանգութիւնը, որովհետեւ յաւելեալ պատրուակ կ՛ընծայէ անոր, որ մեր վրայ յարձակելու պատրուակ չի սպասեր, եւ լիբանանեան պետութիւնը աշխարհի վրայ մեզի զօրակցողներուն եւ մեզի օգնել փափաքող բարեկամներուն առջեւ աւելի տկար դիրքի վրայ կը դնէ:
«Շատ կարեւոր է, որ բոլոր լիբանանցիները միաձայնութեամբ դատապարտեցին այդ արարքները, մինչեւ իսկ Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդը այդ արարքը կատարողին դէմ դատական հայց ներկայացուց, ինչ որ գնահատելի քայլ է եւ մեծ ու կարեւոր իմաստ ունի: Ուստի, այսօր կ՛ըսեմ. ժամանակն է, որ դաս քաղենք 13 ապրիլէն անցած այս յիսուն տարիներէն: Ժամանակն է, որ բոլորս ըսենք. «Միայն պետութիւնն է, որ մեզ կը պաշտպանէ, հզօր, գերիշխան, արդար, այսօր ներկայ եղող պետութիւնը, լիբանանցիներու կամքէն բխած պետութիւնը, որ լրջութեամբ կը գործէ անոնց բարիքին, անվտանգութեան ու բարգաւաճման համար: Այնքան ատեն որ, որ բոլորս համաձայն ենք, թէ պետութեան ծիրէն ու անոր որոշումէն դուրս որեւէ զէնք Լիբանանի շահը մէկէ աւելի պատճառներով վտանգի կ՛ենթարկէ, ապա ժամանակն է, որ բոլորս ըսենք. Լիբանանը միայն անոր պետութիւնը, բանակը եւ պետական ապահովական ուժերը կը պաշտպանեն: Ժամանակն է, որ յանձնառու ըլլանք այս կեցուածքի պահանջներուն, որպէսզի Լիբանանը գոյատեւէ, եւ փաստենք, թէ մեր յիսուն տարուան խենթ պատերազմներէն սորված ենք, եւ կեանքէն հեռացածներուն ու անոնց, որոնք տակաւին մեզի հետ են, ըսենք. «Ձեր զոհողութիւններով կ՛երդնունք, պատերազմը յաւիտեանս թաղեցինք, եւ արգիլուած է ու անկարելի է անոր վերադառնանք կամ անիկա մեզի վերադառնայ: Ձեր զաւակներով ու ապագայ սերունդներով կ՛երդնունք, մեր միասնականութիւնը մեր զէնքն է եւ մեր զէնքը մեր բանակն է, որպէսզի յաջորդ յիսուն տարիները ըլլան բարի օրեր, խաղաղութիւն, ուրախութիւն, կեանք, որովհետեւ կեանքի համար ստեղծուեցանք… եւ կեանքը մեզի համար ստեղծուեցաւ»: