Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլի Ամբողջութեամբ Չհեռանալը  Կը Սպառնայ Երկրի Կայունութեան»

Սալամ. «Իսրայէլի Ամբողջութեամբ Չհեռանալը Կը Սպառնայ Երկրի Կայունութեան»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խմբագիրներու սենտիքայէն պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ «Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումը եւ իսրայէլեան միւս յարձակումները թշնամական արարքներու դադրեցման դասաւորումներուն խախտումներ են»` աւելցնելով. «Այդ յարձակումներու դադրեցման համար պէտք է հսկողութեան մեքանիզմը կեանքի կոչել»: «Լիբանան կ՛ուզէ վերջ տալ այդ բոլոր խախտումներուն, ինչպէս նաեւ վերջ տալ հինգ բլուրներուն եւ լիբանանեան բոլոր հողերուն իսրայէլեան բռնագրաւումին», նշեց Սալամ: «Եթէ իսրայէլ...

Պայրագտարեան Ընդունեց Հըզպալլայէն  Պատուիրակութիւն Մը Եւ Երեսփոխան Սալիպան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հըզպալլայէն Պատուիրակութիւն Մը Եւ Երեսփոխան Սալիպան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Հըզպալլայի մարմնակրթութեան բաժանմունքի պատասխանատու Մոհամետ Եասինն ու անոր օգնական Պիլալ Եազպեքը: Անոնք նախարարին խնդրանքով անոր ներկայացուցին իսրայէլեան յարձակումին ընթացքին վնասուած մարմնակրթական կարգ մը կառոյցներու վերաբերեալ թղթածրար մը: Նախարար Պայրագտարեան պիտի ջանայ այդ կառոյցներուն նորոգութեան համար անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը ապահովել: Երիտասադրութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարը նաեւ ընդունեց երեսփոխան Նաժաթ Աուն-Սալիպան: Հանդիպումի ընթացքին անոնք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն այսօր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Ապու Տապի, ուր պիտի մնայ երկու օր` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահին եւ շարք մը պաշտօնատարներու հետ բանակցելու համար: - ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին տեղեկութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահը կեանքի կոչած է Հըզպալլայի հետ հաղորդակցութեան ու երկխօսութեան խողովակներէն մէկը, եւ կը սպասուի, որ...

Նախագահ Աուն. «Զէնքը Լիբանանեան Պետութեան  Մենաշնորհը Դարձնելը Որդեգրուած Որոշում Է,  Եւ Պատերազմի Հռետորաբանութեան Վերադառնալը Արտօնուած Չէ»

Նախագահ Աուն. «Զէնքը Լիբանանեան Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելը Որդեգրուած Որոշում Է, Եւ Պատերազմի Հռետորաբանութեան Վերադառնալը Արտօնուած Չէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Ֆրանսայի ծերակոյտէն պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի հինգ բլուրներէն իսրայէլեան հեռացումը լիբանանեան բանակի մինչեւ սահման տեղակայման ամբողջացումը արագացնելու անհրաժեշտութիւն է»: «Լիբանանեան բանակը տեղակայուած է հիւսիսարեւելեան սահմաններուն վրայ եւ իր պարտաւորութիւնները ամբողջական կերպով կը կատարէ: Ան նաեւ ստանձնած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, մաքսանենգման արգիլումն ու ներքին ապահովութեան պահպանումը», նշեց նախագահ Աուն` շեշտելով....

Նեթանիահու. «Հերմոն Լերան Գագաթ Հասանք  Եւ Միջին Արեւելքի Պատկերը Փոխեցինք»

Նեթանիահու. «Փէյճըրներու Պայթեցման Գործողութեամբ Հըզպալլային Ահաւոր Ցնցում Պատճառեցինք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Չկրցանք խաղաղութեան համաձայնութիւնները շարունակել, որովհետեւ արաբական աշխարհին մէկ մասը, ներառեալ պաղեստինցիները, մեր դէմ կը գործէին»: Ան նաեւ նշեց. «Խաղաղութեան առջեւ ծառացած մեծագոյն արգելքը պաղեստինցիներուն հրէական պետութիւնը ճանչնալ մերժելն է»: «Հրէական պետութիւնը ճանչնալ մերժելը շրջանին մէջ 100 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող տագնապին պատճառն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման գաղափարը անհեթեթ է, «տեսանք,...

Սալամ. «Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Վարչական Ապակեդրոնացման Դրութեան Կեանքի Կոչման Առաջին Քայլերն Են»

Սալամ. «Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Վարչական Ապակեդրոնացման Դրութեան Կեանքի Կոչման Առաջին Քայլերն Են»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարութեան շէնքին մէջ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու յատուկ գործողութիւններու կեդրոնական գրասենեակի աշխատանքի մեկնարկման ընթացքին յայտնեց. «Խոստացանք, որ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի պիտի ունենան, ասիկա սահմանադրական ժողովրդավարական հոլովոյթ է, եւ մեր խոստումը յարգեցինք»` նշելով. «Շրջապտոյտէն ետք վստահ եղայ, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է ընտրական հոլովոյթին վերահսկելու»: «Քաղաքապետական ընտրութիւնները թերեւս...

Ժապեր. «Միջազգային Ընտանիքը Այլեւս  Կը Բացառէ Մեզի Մէկ Լումայ Իսկ Տալ, Առանց  Երաշխաւորելու, Թէ Ճիշդ Կերպով Կը Ծախսուի»

Ժապեր. «Դրամատուներուն Մէջ Պահ Դրուած Գումարներու Վերատիրացումը 3 Իրերայաջորդ Փուլերով Պիտի Ըլլայ»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու վերատիրացումը երեք իրերայաջորդ փուլերով պիտի ըլլայ: Ան Ուաշինկթընի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Միջազգային դրամատան հետ իր հանդիպումները որակեց «ընդհանուր առմամբ լաւ»` ընդգծելով «տարիներու ընթացքին յառաջացած վիհի կամրջման, մեր եւ միջազգային ընտանիքի միջեւ վստահութեան, նաեւ մեր եւ մեր արաբ եղբայրներուն միջեւ վիհի կամրջման»...

«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

Շէյխ Քապալան. «Վայ Այն Պետութեան, Որ Ինքզինք Պաշտպանելու Համար Ուաշինկթընի Կը Վստահի»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանին` Շահի Ռաժայի նաւահանգիստի դէպքին առիթով նշելով. «Մեր բացարձակ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Թեհրանին, որ սերտ թիկունք եղաւ Լիբանանին` անոր պատմական բոլոր դժուարութիւններուն մէջ, եւ այդ քայլին շարքին է աջակցիլը Դիմադրութեան, որ երկիրն ու անոր հաստատութիւնները ազատագրեց իսրայէլեան բռնագրաւումէն»: «Այս շրջանին հասարակաց թշնամիները Ամերիկան եւ Իսրայէլն են, պատմութիւնը ժողովուրդներուն ձեռքն է, եւ հարցը միայն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ կէսօրէ ետք Պէյրութի Հարաւային արուարձանի Հատաս շրջանին մէջ բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է առնուազն 300 մեթր հեռանան շրջանին մէջ գտնուող պահեստանոցէ մը: Ատրահիի զգուշացումէն ետք, իսրայէլեան օդուժը երեք անգամ նշեալ պահեստանոցին վրայ գործեց զգուշացման յարձակումներ, որոնցմէ ետք բուռն կերպով հարուածեց Ատրահիի նշած պահեստանոցը: Նիւթական մեծ վնասներ պատճառած յարձակումէն ետք, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց...

Ժահժահ. «Միջազգային Ընտանիքը Կրնայ Քանի Մը  Ամիսէն Լիբանանը Լքել, Եթէ Պետութիւնը  Իր Ազդուութիւնը Չփաստէ»

Ժահժահ. «Միջազգային Ընտանիքը Կրնայ Քանի Մը Ամիսէն Լիբանանը Լքել, Եթէ Պետութիւնը Իր Ազդուութիւնը Չփաստէ»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Աշխարհը մօտէն կը հետեւի Լիբանանին»: «Միջազգային ընտանիքն ու արաբական ընտանիքը ինչպէ՞ս մեզի պիտի վստահին, եթէ մեր սահմանները վերահսկողութեան տակ չառնենք եւ պետութեան գերիշխանութիւնը չամրապնդենք», հարց տուաւ ան: Ժահժահ նաեւ զգուշացուց. «Աշխարհը կրնայ քանի մը ամիսէն Լիբանանը լքել, եթէ պետութիւնը իր ազդուութիւնը չփաստէ»: «Լիբանանը տակաւին ապահովութեան տարածք մուտք չգործեց, հակառակ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան...

Հաշեմ. «Լիբանանը Ի Շահ Իսրայէլի Քաղաքական  Կամ Աշխարհագրական Նոր Քարտէսի Ձեւաւորման  Ծրագիրին Տուրքը Կը Վճարէ»

Հաշեմ. «Լիբանանը Ի Շահ Իսրայէլի Քաղաքական Կամ Աշխարհագրական Նոր Քարտէսի Ձեւաւորման Ծրագիրին Տուրքը Կը Վճարէ»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամիի այսօր Արքուպ շրջանի զաւակներէն մէկը թիրախաւորելն ու անոր նահատակուիլը կը հաստատէ թշնամական եւ բարբարոս բնոյթը սիոնական գոյացութեան, որ տակաւին մեր երկիրը կը դարձնէ թիրախ, եւ ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կը մերժէ միջազգային որոշումները, հռչակագիրներն ու արժէքները եւ զինադադարի համաձայնութիւնը յարգելը: «Այս իրողութիւնը միջազգային հովանաւորները կը դնէ իրենց պատասխանատուութիւններուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԼԻԲԱՆԱՆԻ երկրագործութեան նախարար Նիզար Հանի յայտնեց, թէ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով երկրագործութեան մարզին հասած վնասները կը գնահատուին 120 միլիոն տոլարով, սակայն նշեց, որ այդ վնասները տակաւին ամբողջութեամբ չեն ճշդուած: Նախարարը նաեւ հողագործները հանգստացուց ըսելով, թէ հարաւային Լիբանանի շրջանէն հողերու քննութիւնը կը շարունակուի, եւ հողին մէջ ֆոսֆորի քանակը մեծ չէ, սակայն մտահոգութիւն յայտնեց, որ որոշ շրջաններու մէջ ծանր մետաղներ գոյութիւն ունին:...

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին  Առիթով Լիբանանեան Կեցուածքներ

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առիթով Լիբանանեան Կեցուածքներ

Նախագահ Աուն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն 24 ապրիլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը պարզապէս պատմական ցաւալի իրադարձութեան մը ոգեկոչումը չէ, այլ արդարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ մարդկային արժանապատուութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու կարեւորութեան հաստատումն է եւ աշխարհին յիշեցում է բռնութեան, ծայրայեղականութեան եւ մեկուսացման բոլոր ձեւերուն դէմ կանգնելու անհրաժեշտութեան մասին: Հետեւաբար Լիբանանը այսօր կը վերահաստատէ այս սկզբունքներուն իրագործման համար հայ...

Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025

Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ-2025

Լեռնալիբանանի ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուները ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ 1.- Մարտիկ Պօղոսեան 2.- Յակոբ Այվազեան 3.- Մարտիկ Արսլանեան 4.- Նելլի Վէքիլեան 5.- Անի Կիտանեան 6.- Լենա Պալեան 7.- Ճորճ Գրիգորեան 8.- Դաւիթ Գազանճեան 9.- Տիգրան Քէնտիրճեան 10.- Յարութ Յարութիւնեան 11.- Վահէ Աղասարգիսեան 12.- Վրէժ Ճինպաշեան 13.- Թալին Դարբինեան-Սահակեան 14.- Նազարէթ Ապունայեան ԺԻՊԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ Ժոզեֆ Պեզճեան ԺԸՏԷՅՏԷ-ՍԸՏ ՊԱՈՒՇՐԻԷԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ...

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Պաապտայի պալատը 24 ապրիլին հաղորդեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունած է երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ նախագահին զեկուցած է Լիբանանի ողիմպիական յանձնախումբի` մրցակիցի բացակայութեան պայմաններու մէջ ընտրութեան համար իր թափած համաձայնական ջանքերուն մասին: Միւս կողմէ, Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Սալիմ Սայեղը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան մարմնակրթական, երիտասարդական եւ ազգային ընդհանուր...

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Նետերլանտեան Յանձնախումբին Հետ  Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներու Հարցը

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Նետերլանտեան Յանձնախումբին Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներու Հարցը

Լիբանանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունեց Նետերլանտներու խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Հանց Փիթեր Վան Տեր Վուտի: Լիբանանեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ նետերլանտեան յանձնախումբին ներկայացուած են սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը, յանձնախումբի այդ թղթածրարին վերաբերեալ ջանքերը, ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորման...

Նախագահ Աուն. «Տարակարծութեան Որեւէ Նիւթ  Երկխօսութեամբ Կը Լուծուի, Եւ Լիբանանի Մէջ  Ոչ Ոք Կ՛ուզէ Պատերազմին Վերադառնալ»

Նախագահ Աուն. «Տարակարծութեան Որեւէ Նիւթ Երկխօսութեամբ Կը Լուծուի, Եւ Լիբանանի Մէջ Ոչ Ոք Կ՛ուզէ Պատերազմին Վերադառնալ»

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խորհրդարանի նախագահ Սաքր Ղապաշ երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումի ընթացքին անոր յայտնեց Լիբանանի միութեան, ժողովուրդի բոլոր մասերը միացնող ազգային պետութեան կառուցման եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման նկատմամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի նախանձախնդրութիւնը: «Երդման ճառը կ՛աւելնայ Լիբանանի մէջ հիմնական փաստաթուղթերուն, ամբողջացնելու համար սահմանադրութիւնն ու...

Ֆրանչիսկոս Պապի Վախճանումին  Վերաբերեալ Լիբանանեան Կեցուածքներ

Ֆրանչիսկոս Պապի Վախճանումին Վերաբերեալ Լիբանանեան Կեցուածքներ

Լիբանանցի քաղաքական ու կրօնական անձնաւորութիւններ Ֆրանչիսկոս պապի վախճանման վերաբերեալ արտայայտեցին կեցուածքներ` ընդգծելով, որ ան խաղաղութեան ու արդարութեան խորհրդանիշ մըն էր, ինչպէս նաեւ աղքատներու ու լուսանցքայնացուածներու պաշտպան մը: Մինչ այդ, նախարարաց խորհուրդը պապի վախճանումին առիթով եռօրեայ սուգ յայտարարեց: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Յարութեան, մխիթարութեան եւ յոյսի ժամանակ իր վերջին քարոզը ըսաւ ու հեռացաւ… Իր խաչը վերցուց եւ քայլեց… Սիրով տրոփեց...

Ըստ «Էլ. Պի. Սի.»-ի  Իրանի Դեսպանը Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւն Պիտի Կանչուի

Ըստ «Էլ. Պի. Սի.»-ի Իրանի Դեսպանը Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Պիտի Կանչուի

«Էլ.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը յառաջիկայ օրերուն իր մօտ պիտի կանչէ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին` Հըզպալլայի ապազինման վերաբերեալ իր կատարած գրառումին համար: Ամանի գրառում կատարելով յայտնած էր. «Ապազինման ծրագիրը պետութիւններուն դէմ յստակ դաւադրութիւն է: Այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն սիոնական գոյացութեան զէնքեր եւ հրթիռներ մատակարարել, կարգ մը պետութիւններու կ՛արգիլեն զինուիլ ու իրենց բանակները զօրացնել...

Ապտելաթի. «Սիսի Կ՛աջակցի Նախագահ Աունին,  Բանակին Եւ Լիբանանեան Պետութեան  Հաստատութիւններուն»

Ապտելաթի. «Սիսի Կ՛աջակցի Նախագահ Աունին, Բանակին Եւ Լիբանանեան Պետութեան Հաստատութիւններուն»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի կոչ ուղղեց` «գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը եւ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման»: «Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման համար պէտք է ամբողջական կերպով եւ առանց խտրութեան գործադրել միջազգային որոշումները», նշեց Ապտելաթի: «Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի կ՛աջակցի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, բանակին եւ լիբանանեան պետութեան հաստատութիւններուն», ըսաւ եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:  

Page 126 of 986 1 … 125 126 127 … 986

Արխիւներ