Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատը Տոհայի մէջ շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ դէմ առ դէմ հանդիպումի ընթացքին համաձայն գտնուեցան Լիբանանի մէջ քաղաքացիական խաղաղութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ շեշտեցին նախագահ Աունի երդման ճառի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն:
Նախքան առանձին հանդիպումը երկու ղեկավարները հանդիպում ունեցան երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն ներկայութեամբ:
Նախագահ Աուն Քաթարի իշխանին շնորհակալութիւն յայտնեց «տարբեր ոլորտներու մէջ Քաթարի Լիբանանին տրամադրած աջակցութեան համար, իսկ իշխան Թամիմը շեշտեց, որ նախագահ Աունի ընտրութենէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք առիթ կայ այդ աջակցութիւնը կեանքի կոչելու»:
Նախագահ Աուն աւելցուց. «Լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ իր պարտականութիւնը ամբողջական կերպով կը կատարէ` առ ի գործադրութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, սակայն իսրայէլեան բռնագրաւումի շարունակութիւնը արգելք կը հանդիսանայ բանակի տեղակայման ամբողջացման, մասնաւորաբար իրերայաջորդ յարձակումներուն լոյսին տակ, ինչպէս այսօր տեղի ունեցաւ»:
Քաթարի իշխանը իր կարգին յայտնեց. «Նախագահ Աունի` երկու երկիրներու յարաբերութիւնները զարգացնելու համար Տոհա այցելութիւնը կարեւոր է եւ պատմական»:
«Մեզ հետաքրքրողը Լիբանանը կայուն տեսնելն է, եւ ատոր նպաստող ներքին ու արտաքին որոշ մթնոլորտ գոյութիւն ունի: Քաթար պատրաստ է Լիբանանին ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ ու որեւէ այլ ոլորտի մէջ Լիբանանին կարիք ունեցածը տրամադրելու, ինչպէս նաեւ բանակի աջակցութիւնը շարունակելու», նշեց շէյխ Թամիմ: