Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլան դրական կ՛արձագանգէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի բոլոր դիրքորոշումներուն, եւ «(Դիմադրութեան) զէնքին երկարող ձեռքը կտրելու» մասին խօսքը պատասխան էր ներքին սադրիչ հռետորաբանութեան»:
Քումաթի նշեց, որ կան ոմանք, որոնք կ՛ուզեն բանակը բախումի մղել` նշելով, որ խօսքը անոնց ուղղուած է: «Ամբողջ տիեզերքը, օտարներ, արաբներ եւ իսրայէլացիներ միայն զէնքին հետ խնդիր ունին», ըսաւ ան:
Ան աւելցուց, որ զէնքը Լիբանանը օտար թշնամիէն պաշտպանած հազարաւոր նահատակներու խորհրդանիշն է, անիկա բանակի զէնքի ընկերն է:
Քումաթի ըսաւ, որ Հըզպալլան երկրին արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը կը նկատուի, եւ պիտի չընդունի անոնք, որոնք կ՛ուզեն այդ ուժը մսխել:
Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամը ըսաւ, որ Հըզպալլան համաձայն գտնուած է երկխօսութեան եւ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան շուրջ խորհրդակցութեան, եւ իրենք իրենց հռետորաբանութեան մէջ զէնքի յանձնումը չեն նշած:
Ան մատնանշեց, թէ մէկ միլիոն լիբանանցիներ մասնակցեցան Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան եւ յայտարարեցին, թէ իշխանութեան հետ են, եւ այս իշխանութեան առաջին օրակարգը Դիմադրութեան պահպանումն է, իսկ Դիմադրութեան պահպանման առաջին քայլը զէնքն է:
Քումաթի ըսաւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց երկրի անվտանգութիւնը եւ զէնքի մենաշնորհը: Անվտանգութեան իրագործումը պահանջուած բան մըն է, «եւ մենք անոր համաձայն ենք, իսկ Դիմադրութեան հարցը մաս կը կազմէ երկրորդ բաժինին, որ կը վերաբերի պաշտպանական ռազմավարութեան, եւ Դիմադրութիւնը արդէն այդ ռազմավարութեան մաս կը կազմէ, եւ ասիկա երկխօսութեան առարկայ է»:
Ինչ կը վերաբերի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ պատգամներու փոխանակման, Քումաթի նշեց, թէ կապ եւ պատգամներու փոխանակում կայ, սակայն պաշտպանութեան ռազմավարութեան շուրջ որեւէ քննարկում կամ երկխօսութեան նիստ տեղի չէ ունեցած, եւ բանակին ու Դիմադրութեան միջեւ բախում չկայ, եւ ասիկա վճռուած հարց է: Երկրորդ պատգամը բանակին հետ ամբողջական գործակցութիւնն է` ազատագրելու համար հողն ու գերիները եւ դադրեցնելու Լիբանանի նկատմամբ ոտնձգութիւնը` աւելցնելով, որ ատիկա երկխօսութեան նախաբան է:
Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Քումաթի եզրափակեց յայտնելով, որ երկխօսութեան ժամկէտի կամ ժամանակացոյցի շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չկայ, իսկ «Դիմադրութեան զէնքին երկարող ձեռքը կտրելու» մասին խօսքը ուղղուած է իսրայէլացիին, հաւատադրժողականներուն եւ ներքին հրեաներուն: