Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոս Այցելութեան Աւարտին. Սալամ. «Այցելութիւնը Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններուն Մէջ Փոխադարձ Յարգանքի Հիմամբ Նոր Էջ Պիտի Բանայ»

Ապրիլ 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ նախարարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ:

Վարչապետը այցելութեան աւարտին յայտնեց. «Այս այցելութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ փոխադարձ յարգանքի, վստահութեան վերականգնման, բարի դրացնութեան, մեր երկու երկիրներու գերիշխանութեան պահպանման եւ իրարու ներքին հարցերուն չմիջամտելու հիմամբ նոր էջ պիտի բանայ, որովհետեւ Սուրիոյ որոշումը սուրիացիներուն է, իսկ Լիբանանի որոշումը` լիբանանցիներուն»:

Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժին, պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասան եւ ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժարը:

Վարչապետի գրասենակը յայտնեց. «Նախագահ Շարհի եւ սուրիացի պաշտօնատարներուն հետ քննարկուեցաւ սահմաններու եւ սահմանային անցքերու վերահսկումը, մաքսանենգման արգիլումը` հասնելով ցամաքային եւ ծովային սահմաններու սահմանագծման, որ երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ Սէուտական Արաբիոյ ողջունելի հովանաւորութեամբ սկսած էր: Երկու կողմերը շեշտը դրին ապահովական համակարգումի ամրապնդման վրայ, ինչ որ երկու երկիրներուն կայունութիւնը կը պահպանէ, նաեւ քննարկուեցաւ տեղահանուածներու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը իրենց հողեր եւ տուներ` օժանդակութեամբը ՄԱԿ-ի եւ եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններուն»:

«Լիբանանեան պատուիրակութիւնը նաեւ քննարկեց Սուրիոյ մէջ անհետացած եւ արգելափակուած լիբանանցիներուն ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ արդարադատական շարք մը թղթածրարներու շուրջ սուրիական իշխանութիւններուն օգնութիւնը պահանջելու հարցը, Լիբանանի մէջ արդարադատութենէն որոնուածներու արտայանձնումը, եւ անոնց գլխաւորներն են Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներու ականահարման հեղինակները, եւ կարգ մը ոճիրներ, որոնց համար Ասատի վարչակազմը կ՛ամբաստանուի, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ լիբանանեան բանտերուն մէջ կալանաւորուած սուրիացիներուն թղթածրարը:

«Տնտեսական գետնի վրայ քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու միջեւ համագործակցութեան հարցը, առեւտուրի եւ  տարանցման գիծերու բացումը, քարիւղի ու կազի մղումը եւ քաղաքային թռիչքներու գիծերու քննութիւնը»:

Նախորդը

Ֆատլալլա. «Որեւէ Ներքին Երկխօսութիւն Պէտք Է Մեկնի Ազգային Առաջնահերթութենէ Եւ Առանցքային Խնդիրէ, Որուն Խորագիրն Է «Իսրայէլը Լիբանանի Թշնամին Է»

Յաջորդը

Խմբագրական. Ընդդէմ Շարունակուող Ցեղասպանութիւններուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?