ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց. «Կը շարունակենք լիբանանեան բանակին աջակցիլ եւ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան բանակի հեռացումը կը պահանջենք»:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը փխրուն է, եւ Իսրայէլ պէտք է խախտումները դադրեցնէ», նշեց ան:
Թինընթի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Ոմանք կ՛ազդեն հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու շարժումներու վրայ: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը մեզի կ՛արտօնէ առանց լիբանանեան բանակին գործել»:
«Հարաւային Լիբանանի բնակիչներէն ոմանք չեն հասկնար, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերը ի՛նչ է», շեշտեց ան:
ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը նշեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերջ տալու համաձայնութիւն գոյութիւն չունի, եւ այն, ինչ որ կ՛ըսուի, տարաձայնութիւն է»: