Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքուրա Այցելելով` «Կ՛ընդգծենք ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Առանց Բարեփոխման Վերանորոգելու Անհրաժեշտութիւնը, Եւ Կը Յուսանք, Որ Այդ Ուղղութեամբ Ջանքերը Կը Յաջողին» Կ՛ըսէ Պաշտպանութեան Նախարարը

June 13, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա երէկ այցելեց Նաքուրայի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ընդհանուր հրամանատար Արոլտօ Լազարոյի հետ:

Հանդիպումին ներկայ էին ՖԻՆԻՒԼ-էն ու լիբանանեան բանակէն սպաներ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ կարգ մը գիւղերու բնակիչներուն միջեւ արձանագրուած իրերայաջորդ միջադէպերը:

Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարը դատապարտեց այդ դէպքերը` նշելով, որ «անոնք իսրայէլացի թշնամիին կը ծառայեն»:

«Անհրաժեշտ է ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը առանց որեւէ բարեփոխման վերանորոգել», շեշտեց Մնասսա` յոյս յայտնելով, որ «այդ ուղղութեամբ ջանքերը կը յաջողին»:

«Նպատակը հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը հաստատելն ու վերաշինութեան հոլովոյթը սկսիլն է», նշեց պաշտպանութեան նախարարը:

Նախքան այդ, Մնասսա այցելեց լիբանանեան բանակի Լիթանի գետի հարաւային շրջանի հրամանատարութեան եւ ծանօթացաւ անոր վստահուած առաքելութեան ու ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ծիրին մէջ ընթացող համակարգումին:

Նախարարին բացատրութիւն ներկայացուեցաւ լիբանանեան բանակին դիմագրաւած ապահովական գլխաւոր մարտահրաւէրներուն եւ շրջանին մէջ կայունութեան վերականգնման համար որդեգրուած քայլերուն վերաբերեալ:

Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ այցելեց Քլէյլայի կեդրոն, որ 24 նոյեմբեր 2024-ին Իսրայէլի կողմէ յարձակումի ենթարկուած էր, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ այդ յարձակումին ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն հետ:

 

 

Նախորդը

Թինընթի. «Կը Շարունակենք Լիբանանեան Բանակին Աջակցիլ Եւ Հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլեան Բանակի Հեռացումը Կը Պահանջենք»

Յաջորդը

Նախագահ Աունն Ու Առաջին Տիկինը Այսօր Հանդիպում Կ՛ունենան Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.