Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 12, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ 10 յունիսին ապահովական գործողութեան մը հիմամբ Շթորայի շրջանին մէջ ձերբակալած է երկու քաղաքացիներ, որոնք մեծաթիւ հրթիռներ եւ զինամթերք կը փոխադրէին:

Բանակը նաեւ ներխուժեց Պաալպեքի Թըմնին գիւղին մէջ գտնուող անոնց տուները, ուր յայտնաբերեց մեծաթիւ զէնքեր, զինամթերք, թմրեցուցիչ եւ կեղծ դրամներ:

. ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու լիազօրութեան վերջ տալու վերաբերեալ տեղեկութիւնները անլուրջ ու անտրամաբանական են, եւ ամերիկացիները այդ մէկը ուրիշներէն աւելի գիտեն, որովհետեւ այդ հարցը կոճակ կոխելով չ՛ըլլար եւ ամէն պարագայի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ականահարում կը նշանակէ»:

. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը խաղաղութեան պահպանման ու հաստատման մէջ կարեւոր դեր կը կատարեն, սակայն պէտք է անոնց օգնել բաւարարելու համար բազմազան կարիքները եւ այդ ալ իւրաքանչիւր փուլին համահունչ ձեւով, ուստի այս հասկացողութիւնը փոխելու կարիք չկայ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են. «Հակառակ շրջանային ու միջազգային մշուշոտ մթնոլորտին լոյսին տակ պատերազմի կարելիութիւնը ի զօրու մնալուն, Իսրայէլ նոյն կշռոյթով պիտի շարունակէ իր թիրախաւորումները»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան-Սուրիա սահմանի վերահսկողութեան հարցին մէջ ապահովական համակարգումը ընթացքի մէջ է, եւ ապրանքներու, զէնքերու եւ թմրեցուցիչներու մաքսանենգման ծաւալը մեծապէս նուազեցաւ»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին խնդրանքով Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Սեն Թերեզ շրջանին մէջ շէնք մը խուզարկեց:

. ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻՈՅ փոխվարչապետ Վիքթոր Քարանքեւիչ նախագահ Ժոզեֆ Աունին յանձնեց Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյէն նամակ մը, որ Պիելոռուսիա այցելելու պաշտօնական հրաւէր մը կը պարունակէր:

Նախորդը

Արաղչի. «Կիրակի Օր Բանակցութիւններու Շարունակումով Յստակ Դարձաւ, Թէ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Խաղաղ Բնոյթը Երաշխաւորող Համաձայնութիւն Մը Հասանելի Դարձաւ»

Յաջորդը

Շէյխ Քապալան. «Պէտք Է Հարաւն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Պաշտպանել Անորոշ Աղբիւր Ունեցող Խաղէն»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?