Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանցի պաշտօնատարներու հաղորդակցութիւնները կը հանդիպին միջազգային կողմերէ շեշտումի, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան յանձնառու մնալը Լիբանանի կայուն մնալն ու Իրան-Իսրայէլ պատերազմի հետեւանքներէն հեռու մնալը կ՛երաշխաւորէ»: . ԸՍՏ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթի տեղեկութիւններուն, Հըզպալլա հանրապետութեան նախագահին եւ բոլոր առնչակից կողմերուն յայտնած է, թէ իր զէնքի հարցը քննարկելի չէ, մօտ օրէն զէնքի յանձնում չկայ,...




















