Ֆրանսայի նախագահի յատուկ պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է զինադադարի բոլոր կէտերը յարգել եւ կեանքի կոչել գոյութիւն ունեցող հսկողութեան մեքանիզմը` սպառնալիքներէ կանխազգուշացման եւ առանց մագլցումի որեւէ վտանգի նկատմամբ գործելու համար»:
Լը Տրիան նշեց. «Այն ինչ որ ամէնէն շատ ուշադրութիւնս գրաւեց այն է, որ այսուհետեւ լիբանանեան պետութիւն գոյութիւն ունի եւ անիկա կը գործէ, սակայն տակաւին ոչ իր ամբողջ ներուժով, եւ սառեցման ու անատակութեան տարիներէ ետք կայունութեան մէկ ձեւը վերականգնեցինք, եւ ասիկա մեծ ուժ է»:
«Միախմբուած, ներդաշնակ եւ միասնական կառավարութիւն կը տեսնեմ, եւ Լիբանանի մէջ երկար ատենէ ի վեր ատիկա չեմ տեսած: Կան բարձր մակարդակի անձնաւորութիւններ, որոնք թեքնիք բարձր ատակութիւն ունին եւ մտադիր են լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ իրենց տրամադրուած վստահութեան բարձրութեան վրայ ըլլալ, ինչ որ այսօր չափազանց կարեւոր է»:
«Մենք այսօր առողջացման ուղիի վրայ ենք, ուստի կարեւոր է վստահութեան կառուցումը շարունակել, եւ կառավարական իշխանութիւնները պէտք է շարունակեն խորքային բարեկարգումներու համար իրենց ջանքերը, որովհետեւ Լիբանանը պէտք է գիտակցի, թէ եթէ բարեկարգումի չենթարկուի, մէկ քայլ ետ պիտի ըլլայ», աւելցուց ան:
«Միջազգային մտահոգութիւնը Լիբանանի մէջ պատերազմի նկատմամբ է, եւ հակազդեցութիւնը այդ ուղղուածութեան ուղղութեամբ արագօրէն գործելն է, որովհետեւ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, կրնայ նաեւ Լիբանանի համար առիթ ըլլալ», շեշտեց ֆրանսացի պատուիրակը:
«Լիբանանը այսօր առիթ ունի իր տեղը հաստատելու` իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ ինքզինք վերանորոգող երկիր, եւ Փարիզի խորհրդաժողովը վերադասաւորման աջակցութեան ճամբով ատոր կը ձգտի, պայմանով որ նախաձեռնութեամբ ու լիբանանցի ղեկավարներու զօրակցութեամբ սկսի», ըսաւ Լը Տրիան:
«Զէնքը պէտք է բացառապէս պետութեան մենաշնորհը ըլլայ, եւ այս սկզբունքին գործադրութիւնը պետական իշխանութիւններու ուսերուն վրայ է: Ես ամբողջական կերպով կը զօրակցիմ նախագահ Աունի գործելակերպին, որովհետեւ ան վճռակամութիւնն ու զգուշութիւնը կը միատեղէ, եւ ատիկա պէտք է հանրապետութեան նախագահի դերը իւրայատուկ դարձնէ», աւելցուց ան:
«ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը կասկածի տակ առնելը (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ) 1701 որոշումը կասկածի տակ առնել է: Լիբանան Միջին Արեւելքի մէջ իր դիրքը հաստատելու առիթ մը ունի», շեշտեց Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակը: