Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լը Տրիանը

Յունիս 12, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն չորեքշաբթի գիշեր Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան էրվէ Մակրոյի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ քաղաքական վերջին զարգացումներն ու Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Լը Տրիան նախագահ Աունին փոխանցեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ողջոյնները, եւ անոր վստահեցումը, թէ Ֆրանսան կը շարունակէ տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանին աջակցիլ:

Նախագահը գնահատեց «նախագահ Մաքրոնին Լիբանանի օգնելուն մէջ ունեցած դերը եւ բարեկամ շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն հետ կատարած հաղորդակցութիւնները` Լիբանանին օժանդակութիւններ ապահովելու եւ ընդհանրապէս երկրին եւ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման նպատակով անհրաժեշտ եղած մթնոլորտի ապահովման համար»:

Նախագահ Աուն, այս առումով, շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգումը ապահովելու համար` նկատի ունենալով լիբանանեան բանակին հետ գործակցաբար հարաւային Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման համար անոր դերակատարութիւնը, «որովհետեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը այլեւս շրջանային կարիք դարձած է եւ միայն լիբանանեան կարիք չէ»:

Հանրապետութեան նախագահը դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի պարեկութիւն կատարող ուժերուն վրայ մերթ ընդ մերթ կատարուող յարձակումները` զանոնք նկատելով «անարդարանալի եւ մերժելի, ինչ ալ ըլլան զանոնք արդարացնելու համար ներկայացուած պատրուակները»:

Աուն շեշտեց, որ պէտք է դադրիլ կատարելէ արարքներ, որոնք իսրայէլացի թշնամիին կը ծառայեն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան կը վնասեն:

Հանրապետութեան նախագահը ֆրանսացի պատուիրակին ըսաւ, թէ Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն ու լիբանանեան մնացեալ շրջաններուն վրայ յարձակումները շարունակելը բացայայտ խախտում է ֆրանսական ու ամերիկեան հովանաւորութեամբ նոյեմբեր 2024-ին գոյացած համաձայնութեան, որուն երկու հովանաւորներուն կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու` վերջ տալու այդ յարձակումներուն, որոնք գործնականապէս կը խանգարեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումներ կատարելու կարեւորութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ ընթացք առաւ երթը այդ բարեկարգումներուն, «որոնք միջազգային ընտանիքի պահանջը ըլլալէն առաջ լիբանանեան կարիք են»:

Ինչ կը վերաբերի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն, ընդգծուեցաւ Լիբանան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ ապագայ գործակցութեան հորիզոնները ընդլայնելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի յառաջիկայ աշնան Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովի գումարման համար թափած ջանքերուն համար:

Ֆրանսացի պատուիրակն ու Ֆրանսայի դեսպանը դարձան հանրապետութեան նախագահի ընթրիքի հիւրերը եւ շարունակեցին հանդիպումի ընթացքին արծարծուած նիւթերու քննարկումը:

Լը Տրիան երէկ հանդիպում ունեցաւ լիբանանցի քաղաքական շարք մը անձնաւորութիւններու հետ, ներառեալ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Մոհամետ Ռաատը, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլը:

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանանն ու Հարաւի Բնակիչները Ուրիշներէն Առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ին Իրենց Գիւղերուն Մէջ Մնալը Կ՛ուզեն»

Յաջորդը

Զախարովա. «Երեւանէն Ռուսական Ռազմակայանի Դուրսբերման Մասին Որեւէ Ազդակ Չենք Ստացած»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?