Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քասեմ. «Կը Զօրակցինք Թեհրանին` Անոր Իրաւունքներուն, Կեցուածքներուն, Որդեգրած Քայլերուն, Ինքնապաշտպանութեան Քայլերուն Եւ Ընտրանքներուն Մէջ»

June 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ դատապարտեց Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը` նշելով, որ անիկա անարդարանալի է եւ միայն կը ծառայէ լռեցնելու Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին, Լիբանանի եւ շրջանին մէջ Դիմադրութեան զօրակցող ու թիկունք կանգնող ձայնը:

«Այս յարձակումը շրջանի կայունութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգէ եւ անպատիժ պիտի չմնայ, որովհետեւ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը ազատներուն ջահը, արժանապատուութիւնն ու հպարտանքն է», ըսաւ ան:

«Իսրայէլացի թշնամին եւ անոր հետ Ամերիկան պիտի չկարենան ազդել Իրանի իսլամական հանրապետութեան ընտրանքներուն վրայ: Անոր դերակատարութիւնն ու դիրքը պիտի չազդուին, այլ` ան աւելի հպարտ եւ տոկուն պիտի դառնայ, իսկ սիոնական գոյացութիւնը իր բարբարոսութեան ու վայրագութեան համար պիտի զղջայ», յայտնեց շէյխ Քասեմ:

«Հըզպալլան, իսլամական Դիմադրութիւնն ու պայքարող մեր ժողովուրդը կառչած կը մնան մեր երթին ու Դիմադրութեան, եւ կը զօրակցինք Թեհրանին` անոր իրաւունքներուն, կեցուածքներուն, որդեգրած քայլերուն, ինքնապաշտպանութեան քայլերուն ու ընտրանքներուն մէջ», յայտարարեց ան` աւելցնելով. «Իսրայէլացի ոճրագործ թշնամին եւ անոր բռնատիրական հովանաւոր Ամերիկան միայն վարկաբեկում, ամօթ եւ պարտութիւն պիտի կրեն»:

Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեց. «Այս յարձակումը տեղի պիտի չունենար առանց ամերիկեան ուղղակի համաձայնութեան, համակարգումի եւ ծածկոյթի, զորս Ուաշինկթըն կը փորձէ հերքել` քաջ գիտակցելով իր վրայ ունեցած հետեւանքներուն»: Կուսակցութիւնը նշեց. «Այս յարձակումները Իրանը պիտի չտկարացնեն»:

Հըզպալլայէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Կուսակցութիւնը Իրանը հարուածելուն պատասխանելով Իսրայէլի վրայ յարձակում գործելու պիտի չնախաձեռնէ»:

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Մաքտիսին

Յաջորդը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ընդունեց Նախագահ Աունը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.