Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 13, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնեն. «Ուաշինկթընի կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի նիւթական աջակցութիւնը նուազեցնելու հաւանականութիւնը կարելի է` նկատի ունենալով նախագահ Տանըլտ Թրամփի` ծախսերը նուազեցնելու ընթացքը, սակայն ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգումը խանգարելը բացառուած է, որովհետեւ Թրամփ չ՛ուզեր շրջանը բաց ձգել` առանց ապահովական շրջագիծերու, ինչպէս նաեւ անիկա էր եւ տակաւին է սահմանին երկու կողմերուն վրայ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման համար ամէնէն շատ աշխատանք տանողը»:

. ՓԱՐԻԶԷՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Փարիզ, որ պիտի ստանձնէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման նախագիծի ներկայացումը, կը զօրակցի այդ ուժերուն առանց անոնց առաքելութեան որեւէ բարեփոխման կամ փոփոխութեան վերանորոգումը: Ֆրանսան այդ ուղղութեամբ ջանքեր պիտի թափէ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին կը յայտնեն. «Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութեան վերջ տալու նպատակով կասկածելի ծրագիրի մը գոյութեան նկատմամբ մտավախութիւն կայ, եւ հարաւային Լիբանանի գիւղերուն մէջ անոր վրայ յարձակումներու բեմագրութեան կրկնութեան իմաստը ի՞նչ է»:

. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը կը հաղորդէ. «Միջազգային դրամատան մէջ երկու ուղղուածութիւն եւ երկու տեսակէտներ կան. մէկը կ՛ըսէ, թէ Լիբանանին պէտք չէ փոխատուութիւն տալ, այնքան ատեն որ զէնքի թղթածրարի փակման չէ ձեռնարկուած, իսկ երկրորդ տեսակէտ մը կոչ կ՛ուղղէ վերաշինութեան աստիճանական կերպով օգնելու եւ զայն զէնքի հարցին չկապելու»:

. ՊՔԵՐՔԷԻ աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին կը յայտնեն. «Կարեւորը երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ճշդուած ժամկէտին կատարելն է, եւ Լիբանանի փոփոխութեան ձգտող քաղաքացիին ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ խորհրդարան մուտքը նոր անձնաւորութիւններու, որոնց նպատակը նախ եւ առաջ ի շահ լիբանանցիներուն գործելն է»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը յարձակում գործեց հարաւային Լիբանանի Տէյր Սրիան գիւղին մէջ մոթորսիքլեթի մը վրայ: Յարձակումին պատճառով քաղաքացի մը վիրաւորուեցաւ:

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Չեմ Ըսեր, Թէ Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը Մօտալուտ Է, Սակայն Անոր Հաւանականութիւնը Մեծ Է. Իրան Պէտք Է Զիջումներ Կատարէ»

Յաջորդը

Թինընթի. «Կը Շարունակենք Լիբանանեան Բանակին Աջակցիլ Եւ Հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլեան Բանակի Հեռացումը Կը Պահանջենք»

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.