Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Արդարադատութեան  Պալատ Այցելեց

Նախագահ Աուն Արդարադատութեան Պալատ Այցելեց

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան այցելեց Արդարադատութեան պալատ: Ան իր խօսքը դատաւորներուն ուղղելով յայտնեց. «Արդարութեամբ դատեցէ՛ք` հիմնուելով օրէնքներուն վրայ: Ոճրագործ մը մի՛ արդարացնէք, եւ անմեղ մը մի՛ դատապարտէք, ո՛չ ալ ճնշումներուն կամ ահաբեկման դիմաց ընկրկեցէք»: Հանրապետութեան նախագահը այցելեց ելեւմտական դատախազութեան գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցաւ դատաւոր Տորա Խազենի հետ` ներկայութեամբ արդարութեան նախարար Ատել Նասսարի եւ դատաւորներ Սուհէյլ Ապպուտի, Ժամալ Հաժժարի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանցի Պաշտօնատար Մը «Անատոլու»-ին. Պարրաքի Առաջարկը Կը Կեդրոնանայ Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելուն, Բարեկարգումները Կատարելուն Եւ Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւնը Վերականգնելուն Վրայ

Լիբանանցի պաշտօնատար մը թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաքի յունիսին Պէյրութին ներկայացուցած առաջարկը կը կեդրոնանայ երեք առանցքներու վրայ, որոնցմէ առաջինը զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելն է: Պաշտօնատարը ըսած է. «Առաջարկը կը բաղկանայ հինգ էջերէ եւ գործադրութեան ժամկէտ չի պարունակեր: Առաջին վերնագիրը զինաթափումն է եւ զայն լիբանանեան պետութեան...

Այցելելէ Ետք Նախագահական Պալատ.  Պասիլ. «Տեղահանուածները Պէտք Է  Արագօրէն Իրենց Երկիրը Վերադառնան»

Այցելելէ Ետք Նախագահական Պալատ. Պասիլ. «Տեղահանուածները Պէտք Է Արագօրէն Իրենց Երկիրը Վերադառնան»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Պասիլ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աունի հետ հանդիպումը լաւ էր, անոր ընթացքին կարգ մը խնդիրներ յստակացուեցան: Կը շեշտենք նախագահին եւ իշխանութեան թիկունք կանգնելու մեր դիրքորոշումը, որովհետեւ իբրեւ Ազգային ազատ հոսանք եւ իբրեւ Լիբանան առնչակից ենք իր կատարած առաքելութիւններուն մէջ...

Պայրամ. «Հայրենիքին Նկատմամբ  Նախանձախնդրութիւնը Ուժի Խաղաքարտերու  Մսխում Չի Նշանակեր»

Պայրամ. «Հայրենիքին Նկատմամբ Նախանձախնդրութիւնը Ուժի Խաղաքարտերու Մսխում Չի Նշանակեր»

Նախկին նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց. «Հայրենիքի նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը ուժի խաղաքարտերու մսխում չի նշանակեր, որովհետեւ զանոնք մսխողը թշնամիին հրաւէր կ՛ուղղէ` գալու եւ մեզ ահաբեկելու»: «Հրաշք չենք ուզեր, այլ կ՛ուզենք, որ մեր պետութիւնը ըլլայ մարտահրաւէրի մակարդակին վրայ, ինչպէս նաեւ կարող ըլլայ», նշեց Պայրամ: «Գերիշխանութիւնը դեսպանատուներու հրամաններով չի կառուցուիր, ո՛չ ալ վերակառուցման օդանաւերու էջքը արգիլելով, այլ կը կառուցուի ժողովուրդի կամքին եւ դիմադրողներու արիւնին...

Խմբագրական.  Քաղաքական Ծիածանի Երանգներու Նախադրեալներ  (Լիբանանի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Սքայ Նիուզ»-ին. «Հըզպալլայի հետ Լիբանանի համակարգուած պատասխանը պատրաստ է, զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ընդգծում կը ներառէ եւ միաժամանակ Լիբանանէն Իսրայէլի ամբողջական հեռացում»: . ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ մեծ գործիչ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Զէնքի հարցին շուրջ քննարկումները Հըզպալլայէն մեր հաղորդակցած կողմերուն կողմէ շարք մը թղթածրարներու մէջ երաշխիքներ ստանալու պահանջին լոյսին տակ լուրջ փուլ մուտք գործեցին»: . ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին...

«Իրաքի Ղեկավարութիւնը Կը Փափաքի  Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւնները Ամրապնդել»  Կ՛ըսէ Լիբանանի Մէջ Իրաքի  Ներկայացուցչութեան Ղեկավարը

«Իրաքի Ղեկավարութիւնը Կը Փափաքի Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւնները Ամրապնդել» Կ՛ըսէ Լիբանանի Մէջ Իրաքի Ներկայացուցչութեան Ղեկավարը

Լիբանանի մէջ Իրաքի ներկայացուցչութեան ղեկավար Մոհամետ Ռիտա Հիւսէյնի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Հիւսէյնի հանրապետութեան նախագահին յայտնեց. «Իրաքեան ղեկավարութիւնը կը փափաքի ամրապնդել Լիբանան-Իրաք յարաբերութիւնները եւ զանոնք տարբեր ոլորտներու մէջ զարգացնել»: Ան ըսաւ, որ այդ փափաքը գործնական արդիւնքն է նախագահ Աունի Պաղտատ վերջին այցելութեան եւ Իրաքի նախագահ Ապտելլաթիֆ Ռաշիտի եւ վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիի...

Իզզէտտին. «Դիմադրութեան Զէնքը  Ազգային Ներքին Հարց Է»

Իզզէտտին. «Դիմադրութեան Զէնքը Ազգային Ներքին Հարց Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց. «Լիբանանն ու մանաւանդ անոր հարաւը կ՛ենթարկուին յարձակումներու, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ անոր եւ ամբողջ շրջանի կայունութեան»: «Լիբանանը այսօր չափազանց մեծ կարիքը ունի Դիմադրութեան, որ անվտանգութիւն ու կայունութիւն ապահովեց, եւ սպառնալիքներուն դիմաց պէտք է ապահովել ազգային անձեռնմխելիութեան նուազագոյն չափը», ըսաւ ան: «Դիմադրութիւնն ու անոր զէնքը շանթաժի ենթարկելու համար Լիբանանի վրայ ամերիկեան ու...

«Մարմնակրթական Հակամարտութիւններու Մէջ  Իրաւարարութիւն Եւ Միջնորդութիւն» Գիրքին Շուրջ Զրոյց-Հանդիպում

«Մարմնակրթական Հակամարտութիւններու Մէջ Իրաւարարութիւն Եւ Միջնորդութիւն» Գիրքին Շուրջ Զրոյց-Հանդիպում

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կազմակերպեց դոկտ. Ժոզեֆ Էմիլ Ռըզքալլայի հեղինակած «Մարմնակրթական հակամարտութիւններու մէջ իրաւարարութիւն եւ միջնորդութիւն» գիրքին շուրջ զրոյց-հանդիպում մը` նախագահութեամբ տեղեկատուութեան նախարար դոկտ. Փոլ Մըրքոսի: Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հանդիպումի ընթացքին գիտական եւ իրաւաբանական տեսանկիւնէն ներկայացուց գիրքն ու անոր տարբեր բաժինները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի իրաւական տեսանկիւնէն դիտուած միջնորդութեան եւ իրաւարարութեան: Նախարար Պայրագտարեան նշեց, որ այս...

Հաշեմ. «Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղենք`  Արագօրէն Գործելու Ընդդէմ Արտաքին Որեւէ Քայլի,  Ինչպէս Նաեւ Մազարեհ Շեպաայի  Լիբանանեան Ըլլալը Հաստատելու Եւ Անոր Կառչելու»

Հաշեմ. «Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Արագօրէն Գործելու Ընդդէմ Արտաքին Որեւէ Քայլի, Ինչպէս Նաեւ Մազարեհ Շեպաայի Լիբանանեան Ըլլալը Հաստատելու Եւ Անոր Կառչելու»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց. «Վերջին օրերուն սկսաւ շատ խօսուիլ Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն ինքնութեան վերաբերեալ դասաւորում մը կատարելու մասին, որպէսզի յօգուտ իսրայէլացի թշնամիի շահերուն եղող ամերիկեան եւ արեւմտեան կամքին ու ցուցմունքներուն համաձայն անոնք ըլլան սուրիական, հեռու մնալով անոնց լիբանանեան ինքնութենէն, որ օսմանեան գաղութատիրութենէն ֆրանսական գաղութատիրութիւն եւ արդի ժամանակ փաստերու եւ փաստաթուղթերու կարիքը չունի»: «Ի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ կէսօրէ ետք Խալտէի մայրուղիին վրայ հարուածեց ինքնաշարժ մը: . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի Լիբանան երկրորդ այցելութիւնը նախատեսուած է 7-8 յուլիսին: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ դիւանագիտական աղբիւր մը «Լեպանոն Տիպէյթ» կայքին յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք երկար ատեն լիբանանեան թղթածրարի պատասխանատուն պիտի չմնայ, եւ կը նախատեսուի,...

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ, Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան նուրբ փուլէ մը կ՛անցնի, շրջանային շրջադարձի պայմաններուն մէջ, որոնց լուսանցքին վրայ ան չի կրնար մնալ: Վարչապետը նաեւ շեշտեց, որ ազգային վերականգնումը կարելի չէ առանց ելեւմտական եւ տնտեսական կայունութեան: Սալամ Տնտեսական, ընկերային եւ կենսոլորտային խորհուրդի ժողովի ընթացքին խօսք մը արտասանելով նշեց, որ կառավարութիւնը սուրիական կողմին հետ ձեռնարկած է ուղղակի գործակցութեան մը` վերահսկողութեան տակ առնելու սահմանները,...

Ժահժահ. «Արտերկրի Լիբանանցիները Ազգային  Հարցերէն Հեռացնելու Փորձը Մերժելի Է»

Ժահժահ. «Արտերկրի Լիբանանցիները Ազգային Հարցերէն Հեռացնելու Փորձը Մերժելի Է»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Մեր ուժի հիմնական հիմերէն մէկը հողին, արժանապատուութեան, կամքին եւ ազատութեան կողքին արտերկրի լիբանանցիներն են, եւ առանց անոնց, անցնող տարիներու ընթացքին շատեր ստիպուած պիտի ըլլային երկիրէն հեռանալ, եւ անոնց համար ապրուստի կարելիութիւնը բոլորովին պիտի չքանար»: «Արտերկրի լիբանանցիները ազգային հարցերէն հեռացնելու փորձը ամբողջովին մերժելի է», նշեց Ժահժահ` շեշտելով. «Բոլորիս կը վերաբերի այս մեծ դիմակայումը, որուն...

Շէյխ Քապալան. «Կ՛ուզենք Նախագահ Մը,  Որ Լիբանանեան Ընտանիքն  Ու Անոր Ուժերը Կը Միաւորէ»

Շէյխ Քապալան. «Որեւէ Սխալ Հաշուարկ Երկիրը Ապահովական Ու Ազգային Աղէտի Պիտի Մատնէ»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց, թէ որովհետեւ շրջանի կացութիւնը չափազանց բարդ է, Լիբանան կրակին մէջն է, եւ միջազգային ու շրջանային քաղաքականութիւնները կ՛ուզեն Լիբանանը ներքին ու համայնքային տագնապներով սպառել: «Շրջանային քաոսի մէջ անոր դերակատարութիւնը վերականգնելու առումով, Լիբանանի ներքին մեղսակցութիւնը պիտի ըլլայ քանդիչ: Լուծումը քաղաքական բանալիներով է եւ լիբանանցիներուն միասնականութեամբ` պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր փուլէն փրկելու համար երկիրը: «Որեւէ սխալ հաշուարկ երկիրը...

Ուալիտ Ժոմպլաթ Շնորհաւորեց Ժուլանին.  Անոնք Համաձայնեցան Մօտ Օրէն  Դամասկոսի Մէջ Հանդիպիլ

Ժոմպլաթ. «Մազարեհ Շեպաայի Եւ Քֆարշուպայի Բարձունքներու Շրջանները Ենթակայ Են ՄԱԿ-ի Թիւ 242 Որոշումին, Որ Լիբանանը Չի Ներառեր»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ պատասխանեց Արքուպի զաւակներու վարչութեան նախագահ Մոհամետ Համտանին, որ զարմանք յայտնած էր Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները լիբանանեան չնկատող Ժոմպլաթի դիրքորոշման նկատմամբ: Համտան նշած էր, որ Ժոմպլաթ մասնակցած է 2006 թուականին գումարուած ազգային երկխօսութեան, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ այդ տարածքները ընդունուած էին իբրեւ լիբանանեան, հետագային Սուրիոյ պետութեան հետ սահմանագծում կատարելու, ապա ՄԱԿ-ին դիմելու հիմամբ: «Ազգային...

Համտան. «Վերաշինութիւն Չկատարելու  Կասկածելի Կոչերը Սիոնական Ծրագիրներու  Համաձայնութեան Համազօր Են»

Համտան. «Վերաշինութիւն Չկատարելու Կասկածելի Կոչերը Սիոնական Ծրագիրներու Համաձայնութեան Համազօր Են»

Ամալ շարժումի նախագահական խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Վերաշինութեան հարցը մարդոց դիմադրողականութիւնը ամրապնդելու հիմքն է, պետութեան պարտաւորութիւնն է եւ մեր դիմացող ժողովուրդին իրաւունքը»: «Վերաշինութիւնը մերժող կասկածելի կոչերը սիոնական ծրագիրներուն համաձայնութեան համազօր են», նշեց Համտան «Եթէ Լիբանանի մէջ շարք մը պաշտօնատարներ վերաշինութիւն չկատարելը կը ջատագովեն, նոյնիսկ դիւանագիտական աշխատանքին, մէջ լուռ կը մնան եւ նոյնիսկ համահունչ կ՛ընթանան սիոնական-ամերիկեան թեզին, որ կը թիրախաւորէ...

Ժապեր. «Ելեկտրականութեան Մարզին Մէջ Իսկական Փոփոխութիւն Սկսած Է»

Ժապեր. «Յառաջիկայ Շաբաթները Ելեւմտական Եւ Վարչական Բարեկարգման Հիմերու Հաստատման Առումով Վճռորոշ Պիտի Ըլլան»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Յառաջիկայ շաբաթները ելեւմտական եւ վարչական բարեկարգման հիմերու հաստատման առումով վճռորոշ պիտի ըլլան»: Նախարարը նշեց, որ իր առաջնահերթութիւնն է «տուրքերու եւ մաքսատուրքերու կառավարման վերադասաւորումը, որպէսզի արդի ժամանակաշրջան մուտք գործենք եւ տեղեկութիւններուն աւելի ազդու կերպով հասնինք»: «Ներկայիս քննարկում գոյութիւն ունի թիւ 55/2016 օրէնքի գործադրութեան երրորդ փուլին անցնելու շուրջ», ըսաւ Ժապեր: «Խնդիրը, սակայն,...

Իսրայէլ «Ժամանակաւորապէս Լիբանանի Մէջ Կարեւոր  5 Կէտերու Մէջ» Պիտի Մնայ. Լիբանան Իսրայէլեան  Ներկայութիւնը «Բռնագրաւում» Կը Նկատէ

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՀՆԳԱՆԴԱՄ յանձնախումբի անդամներուն մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Աուն, Պըրրի եւ Սալամ մեծ ջանքեր կը թափեն ապահովելու համար լիբանանցիներուն շահերը եւ վերականգնելու պետութիւնն ու անոր սահմանադրական հաստատութիւնները, որպէսզի անոնք միայն տէրերը մնան գերիշխանութեան, եւ պետութիւնը իր իշխանութիւնը տարածէ իր բոլոր հողերուն վրայ»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Հըզպալլան մասնակի կերպով բացաւ զինաթափման հարցի քննարկման դուռը, բան մը, որ...

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Ռաժժի. «Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներու Ջնջումը Դրական Քայլ Մըն Է, Որ Իր Անդրադարձը Պիտի Ունենայ Լիբանանի Վրայ»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Սուրիական վարչակազմը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ Պէյրութի հետ սահմանագծման եւ սահմանի ամրապնդման վրայ աշխատելու»: «Սուրիոյ հետ սահմանագծման հոլովոյթը բարդ է: Անհրաժեշտ է Սուրիա-Լիբանան միացեալ թեքնիք յանձնախումբ մը, որպէսզի այս թղթածրարով զբաղի», ըսաւ Ռաժժի: «Լիբանանն ու Սուրիան կ՛ամրապնդեն իրենց կարողութիւնները` սահմանը վերահսկողութեան...

Մըթրի. «Լիբանան Չի Կրնար Իսրայէլեան  Պատերազմէն Յառաջացած Վտանգները Վերացնել  Առանց Բարեկամական Պետութիւններու  Եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու Աջակցութեան»

Մըթրի. «Լիբանան Չի Կրնար Իսրայէլեան Պատերազմէն Յառաջացած Վտանգները Վերացնել Առանց Բարեկամական Պետութիւններու Եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու Աջակցութեան»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի բարգաւաճման ֆինանսաւորման շուրջ Սպանիոյ Սեւիլիա քաղաքին մէջ միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ զօրակցութիւն յայտնեց Սեւիլիայի «շարք մը քայլերու եւ միջազգային երաշխիքներու ճամբով պարտքերու պատճառով պետութիւններուն միջեւ հետզհետէ աճող վիհը կամրջելու, միջազգային ելեւմտական համակարգը բարեկարգելու եւ թուայնացման ոլորտին մէջ գործընկերութիւններու հաստատման ձգտելու» հռչակագիրին: Մըթրի խօսեցաւ իսրայէլեան պատերազմին պատճառով լիբանանցիներու տառապանքին եւ այն մեծ վնասներուն մասին, զորս...

Պայրագտարեան Ընդունեց Սուրի  Քաղաքապետարանի Պատուիրակութիւնը

Պայրագտարեան Ընդունեց Սուրի Քաղաքապետարանի Պատուիրակութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան նախարարութեան հրաւէրով իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սուրի քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ քաղաքապետ Հասան Տապպուքի: Հանդիպումի ընթացքին համակարգում կատարուեցաւ նախարարութեան կազմակերպութեամբ Սուր քաղաքին մէջ նախատեսուած մարմնակրթական ձեռնարկին շուրջ, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ նոյնպիսի ձեռնարկներու շարքի մը առաջինը պիտի ըլլայ: Նախարարն ու պատուիրակութիւնը քննարկեցին ձեռնարկին առնչուած գործնական տարբեր քայլերը, որոնց մանրամասնութիւնները մօտ օրէն պիտի յայտարարուին:...

Page 112 of 986 1 … 111 112 113 … 986

Արխիւներ