Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցի Պաշտօնատար Մը «Անատոլու»-ին. Պարրաքի Առաջարկը Կը Կեդրոնանայ Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելուն, Բարեկարգումները Կատարելուն Եւ Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւնը Վերականգնելուն Վրայ

July 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանցի պաշտօնատար մը թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաքի յունիսին Պէյրութին ներկայացուցած առաջարկը կը կեդրոնանայ երեք առանցքներու վրայ, որոնցմէ առաջինը զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելն է:

Պաշտօնատարը ըսած է. «Առաջարկը կը բաղկանայ հինգ էջերէ եւ գործադրութեան ժամկէտ չի պարունակեր: Առաջին վերնագիրը զինաթափումն է եւ զայն լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելը, երկրորդը` ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումները կատարելը, սահմանները վերահսկողութեան տակ առնելն ու մաքսանենգումը արգիլելը, ինչպէս նաեւ պետական անցակէտերու վրայ մաքսատուրքերը աւելցնելն ու միջոցառումները խստացնելն է:

«Երրորդ վերնագիրը դրացի Սուրիոյ հետ ապահովական եւ քաղաքական տարբեր մակարդակներու վրայ յարաբերութիւնները վերականգնելն է, սահմանները վերահսկողութեան տակ առնելը, ինչպէս նաեւ սահմանագծում կատարելն ու առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելը»:

Պաշտօնատարը շեշտած է. «Լիբանան յանձնառու է զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու, եւ ներկայիս աշխատանք կը տարուի ամբողջացնելու միացեալ պատասխան մը` մեկնելով կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն եւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի երդման ճառէն»:

«Լիբանան պիտի պահանջէ Իսրայէլի յարձակումներու անմիջապէս դադրեցումը, անոր հեռացման անհրաժեշտութիւնը եւ երկրի հարաւի վերաշինութեան երթի մեկնարկը», նշած է ան:

«Մինչեւ հիմա տեղեկութիւն չկայ Հըզպալլայի դիրքորոշման շուրջ, եթէ ան համաձայն է զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու, բան մը, որ կը սպասենք յառաջիկայ օրերուն», յայտնած է լիբանանցի պաշտօնատարը:

«Ամերիկացի պաշտօնատարը յառաջիկայ շաբաթ Լիբանան պիտի այցելէ», նշած է ան:

 

 

Նախորդը

Այցելելէ Ետք Նախագահական Պալատ. Պասիլ. «Տեղահանուածները Պէտք Է Արագօրէն Իրենց Երկիրը Վերադառնան»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Արդարադատութեան Պալատ Այցելեց

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.