Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Արտերկրի Լիբանանցիները Ազգային Հարցերէն Հեռացնելու Փորձը Մերժելի Է»

July 3, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Մեր ուժի հիմնական հիմերէն մէկը հողին, արժանապատուութեան, կամքին եւ ազատութեան կողքին արտերկրի լիբանանցիներն են, եւ առանց անոնց, անցնող տարիներու ընթացքին շատեր ստիպուած պիտի ըլլային երկիրէն հեռանալ, եւ անոնց համար ապրուստի կարելիութիւնը բոլորովին պիտի չքանար»:

«Արտերկրի լիբանանցիները ազգային հարցերէն հեռացնելու փորձը ամբողջովին մերժելի է», նշեց Ժահժահ` շեշտելով. «Բոլորիս կը վերաբերի այս մեծ դիմակայումը, որուն խորագիրը արտերկրի լիբանանցիները հետզհետէ աւելի Լիբանանին կապելն է, որպէսզի արտերկրի լիբանանցիները վերադառնան ամէն անգամ, որ կացութիւնները բարելաւուին, կամ զանոնք ամբողջովին կը հեռացնենք եւ անոնց կ՛ըսենք. «Օտարութեան մէջ մնացէ՛ք, Լիբանանի հետ կապ չունիք, ձեր քուէն օտար երկրի մէջ կը մնայ, եւ մենք ներսի հարցերը կ՛որոշենք», եւ ատիկա ամբողջովին մերժելի սկզբունք է»:

«Մեծ դիմակայում է, եւ ոչ թէ յաղթանակի կամ պարտութեան հարց, այլ սկզբունքային կեցուածքի հարց: Կա՛մ արտերկրի լիբանանցիներուն իրենց հայրենիքին հետ կապը կը պահպանենք, կա՛մ անոնց կ՛ըսենք. «Հեռացէ՛ք, Աստուած հետերնիդ, ձեզի հետ կապ չունինք, եւ դուք ալ մեզի հետ կապ չունիք»: Այս դիմակայումը սկսաւ խորհրդարանի վերջին նիստին եւ պիտի շարունակուի: Պիտի չդադրինք, որովհետեւ արդար դիմակայում է», ըսաւ Լիբանանեան ուժերու ղեկավարը:

«Ասիկա բոլորիս կը վերաբերի, եւ պիտի շարունակենք մեր պայքարը բոլոր ժողովրդավարական միջոցներով: Արտասահմանի լիբանանեան գաղութներէն եւ արտերկրի լիբանանեան խմբաւորումներէ ստացայ բազմաթիւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ այն բանի մասին, որ իրենք եւս սկսան գործել, որովհետեւ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ բացարձակապէս անընդունելի է», յայտնեց Ժահժահ:

 

Նախորդը

Շէյխ Քապալան. «Որեւէ Սխալ Հաշուարկ Երկիրը Ապահովական Ու Ազգային Աղէտի Պիտի Մատնէ»

Յաջորդը

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ, Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.