Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի բարգաւաճման ֆինանսաւորման շուրջ Սպանիոյ Սեւիլիա քաղաքին մէջ միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ զօրակցութիւն յայտնեց Սեւիլիայի «շարք մը քայլերու եւ միջազգային երաշխիքներու ճամբով պարտքերու պատճառով պետութիւններուն միջեւ հետզհետէ աճող վիհը կամրջելու, միջազգային ելեւմտական համակարգը բարեկարգելու եւ թուայնացման ոլորտին մէջ գործընկերութիւններու հաստատման ձգտելու» հռչակագիրին:
Մըթրի խօսեցաւ իսրայէլեան պատերազմին պատճառով լիբանանցիներու տառապանքին եւ այն մեծ վնասներուն մասին, զորս Լիբանան անկարող է առանձին վերացնել, առանց եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութեան:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանան միջին եկամուտի պետութիւններէն մէկն է, ան միջազգային օժանդակութիւններու կարիքը ունի` նկատի ունենալով իր քաղաքացիներուն, հաստատութիւններուն եւ տնտեսութեան հասած վնասին` տնտեսական ու ելեւմտական շարունակուող քայքայման ազդեցութեան տակ», նշեց փոխվարչապետը:
Մըթրի խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իրաքի նախագահին, Լիպիոյ նախագահին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Պաղեստինի վարչապետին, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարին, Հարաւային Ափրիկէի արտաքին գործոց նախարարին, Աւստրալիոյ միջազգային գործակցութեան նախարարին, Քաթարի միջազգային գործակցութեան նախարարին եւ Նորվեկիոյ միջազգային գործակցութեան նախարարին հետ: