. ՀՆԳԱՆԴԱՄ յանձնախումբի անդամներուն մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Աուն, Պըրրի եւ Սալամ մեծ ջանքեր կը թափեն ապահովելու համար լիբանանցիներուն շահերը եւ վերականգնելու պետութիւնն ու անոր սահմանադրական հաստատութիւնները, որպէսզի անոնք միայն տէրերը մնան գերիշխանութեան, եւ պետութիւնը իր իշխանութիւնը տարածէ իր բոլոր հողերուն վրայ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Հըզպալլան մասնակի կերպով բացաւ զինաթափման հարցի քննարկման դուռը, բան մը, որ նախապէս թապու կը նկատուէր, սակայն առանց այդ սկզբունքը ընդունելուն կամ մերժելուն վերաբերեալ յստակ պատասխաններ տալու»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, իշխանութեան երեք պետերուն ներկայացուցիչներէն կազմուած յանձնախումբը տակաւին կը քննարկէ ամերիկեան փաստաթուղթին տրուելիք պատասխանը: Քննարկումներուն մեծ բաժինը կը վերաբերէր Իսրայէլեան հեռացման, վերաշինութեան երաշխիքներուն եւ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններուն, մինչ Հըզպալլան մտավախութիւն ունի, թէ Իսրայէլ համաձայնութիւնը պիտի չյարգէ:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» կայքի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Միշել Իսայի Պէյրութ ժամանման ուշացման պատճառը ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ դեսպաններու լսման հոլովոյթի դանդաղ կշռոյթն է, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի շարք մը անդամներու ճամբորդութեան կամ արձակուրդի պատճառով բացակայութիւնը:
Հաւանական է, որ Քոնկրեսը Իսայի լսումը կատարէ յառաջիկայ ամիս, եւ ան Լիբանանի մէջ իր պաշտօնը ստանձնել կարենայ ամրան վերջաւորութենէն առաջ:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» տեղեկացած է, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ մեծ յառաջընթաց արձանագրած է իր յուշերը գրելուն մէջ, եւ երկու շաբաթ առաջ` Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի ընթացքին նախկին նախարար Ղազի Արիտիի ընկերակցութեամբ մեկնած է Կիպրոս` հանդիպում ունենալու համար զանոնք բանաձեւելու պարտականութիւնը ունեցող գրողին հետ:
Տեղեկութիւնները կը նշեն, թէ Ժոմպլաթի յուշերը կը պարունակեն մանրամասնութիւններ, որոնք նախապէս չեն բացայայտուած, եւ կը պարունակեն կարեւոր գաղտնիքներ. կ՛ակնկալուի, որ այդ գաղտնիքները Լիբանանի եւ շրջանին մէջ լայն արձագանգ պիտի պատճառեն»:
. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Պետական անվտանգութեան ծառայութեան Քազինոյի ընդհանուր տնօրէն Ռոլան Խուրիի հարցաքննութիւնը տեւած է աւելի քան 6 ժամ եւ աւարտած գիշերուան ժամը 1:30-ին, եւ իբրեւ արդիւնք դատաւոր Տորա Խազեն ցուցմունք տուած է զինք «ՊեթԱրապիա»-ի թղթածրարի հարցով կալանաւորելու»:


