Լիբանանեան

Խորհրդարանը 2-րդ Օրն Ըլլալով  Նախագիծեր Որդեգրեց

Խորհրդարանը 2-րդ Օրն Ըլլալով Նախագիծեր Որդեգրեց

Լիբանանի խորհրդարանը երէկ շարունակեց մէկ օր առաջ սկսած իր աշխատանքը եւ որդեգրեց շարք մը օրինագիծեր, մասնաւորաբար Լիբանանի Հանրապետութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ տնտեսական վերականգնման համար հողագործական սննդեղէնի ոլորտին մէջ «Կանաչ փոփոխութեան» ծրագիրի ֆինանսաւորման վերաբերեալ: Խորհրդարանը նաեւ որդեգրեց 2025 թուականի ամավարկին մէջ յաւելման նախագիծը ծառայութեան մէջ գտնուող զինուորներուն 14 միլիոն լ.ո.-ի ամսական դրամաշնորհ տալու, իսկ հանգստեան կոչուած զինուորներուն 12 միլիոն լ.ո.-ի...

Ժաշի. «Ամերիկացիէն Չենք Վախնար, Ան Ոչինչ  Պիտի Կարենայ Ընել, Եթէ Կառչած Մնանք  Մեր Ուժին Եւ Միասնականութեան»

Ժաշի. «Ամերիկացիէն Չենք Վախնար, Ան Ոչինչ Պիտի Կարենայ Ընել, Եթէ Կառչած Մնանք Մեր Ուժին Եւ Միասնականութեան»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց, թէ այն, ինչ այսօր Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, «ամերիկացի տիրոջ» գործած «խուլիկանութեան» լոյսին տակ տեղի կ՛ունենայ: Ան ամերիկեան պետութիւնը «վայրագ, ոճրագործ եւ դաւադիր» կոչեց: «Ամբողջ եօթը ամսուան ընթացքին բոլոր դիւանագիտական միջոցները ձախողեցան յարձակումը զսպել, մեր հարազատներուն եւ ժողովուրդին դէմ թշնամիին գործած սպանութիւնն ու առօրեայ ոճիրը դադրեցնել», ըսաւ Ժաշի: «Այն, ինչ որ ամերիկացին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի Պէյրութ այցելութիւնը կը նախատեսուի 10 յուլիսէն առաջ: Ան մտադիր է հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն ու վարչապետին հետ քննարկել իր առաջարկած գաղափարներուն նախնական պատասխանները, եւ այդ նպատակին համար կազմուած է յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն պետութեան առաջին երեք դէմքերու կողմէ ներկայացուցիչներ»: . ԵՐԿՈՒ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան. «Ամերիկեան փաստաթուղթը կը բաղկանայ վեց էջերէ...

Այցելութիւն` Հանրապետութեան Նախագահին

Այցելութիւն` Հանրապետութեան Նախագահին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երկուշաբթի, 30 յունիս 2025-ին այցելեցին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աունի, որուն հետ քննարկեցին երկրի ընդհանուր վիճակը եւ վերահաստատեցին կուսակցութեան զօրակցութիւնը Հանրապետութեան նախագահին ու անոր դիրքորոշումներուն։ Քննարկուեցան նաեւ վարչական եւ ծառայողական հարցերը, ինչպէս նաեւ՝ հայ համայնքի իրաւունքները պետական պաշտօններուն մէջ։

Նախագահ Աուն Ընդունեց  ՖԻՆԻՒԼ-ի Նոր Հրամանատարը

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Նոր Հրամանատարը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի նոր հրամանատար Տիոտաթօ Ապանիարան, որուն յայտնեց. «Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ պայմանները այսօր աւելի քան երբեւէ պարտադիր կը դարձնեն միջազգային ուժերու հարաւային Լիբանանի մէջ մնալը, որպէսզի լիբանանեան բանակի հետ աշխատանք տանին պահպանելու շրջանին մէջ անվտանգութիւնը, որ շրջանին մէջ կայունութեան անբաժանելի մասն է»: «Իսրայէլեան թշնամական արարքներու շարունակութիւնը, հինգ բլուրներու գրաւումը...

Խորհրդարանը Շարք Մը  Օրինագիծեր Վաւերացուց

Խորհրդարանը Շարք Մը Օրինագիծեր Վաւերացուց

Խորհրդարանը երէկ գումարեց լիագումար նիստ մը, որուն ընթացքին որդեգրեց Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ վերանորոգ ուժանիւթի ծրագիրի գործադրութեան եւ Լիբանանի մէջ ուժանիւթի համակարգի ամրապնդման փոխատուութեան համաձայնութիւն կնքելու մասին նախագիծը, 2025 թուականի պետական ամավարկի յաւելեալ վարկ տրամադրելու նախագիծը, 2025 թուականի ամավարկի օրէնքի կարգ մը կէտերու բարեփոխման եւ ուրիշներու ջնջման նախագիծը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմէն վնասուածներուն տուրքերէ որոշ բացառում տրամադրելու...

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ  Յորդանանի Դեսպանին Հետ

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Յորդանանի Դեսպանին Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խոր քննարկում տեղի ունեցաւ արաբական եւ լիբանանեան ընդհանուր հարցերու, ինչպէս նաեւ ներկայ դժուար ժամանակին համակարգումի եւ հաղորդակցութեան կարեւորութեան: Նախարար Պայրագտարեան եւ Յորդանանի դեսպանը համաձայնեցան երկու երկիրներուն միջեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեան նոր կիրառական ծրագիրներ ստորագրելու անհրաժեշտութեան շուրջ` նկատի ունենալով,...

Պարրաք. «Պատերազմէն Ետք Իսրայէլի Հետ  Խաղաղութեան Համաձայնութիւնները Սուրիոյ  Եւ Լիբանանի Համար Այլեւս Անհրաժեշտ Դարձած Են»

Պարրաք. «Պատերազմէն Ետք Իսրայէլի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնութիւնները Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Համար Այլեւս Անհրաժեշտ Դարձած Են»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք յայտնեց. «Պատերազմէն ետք Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւնները Սուրիոյ եւ Լիբանանի համար այլեւս անհրաժեշտ դարձած են»: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Պարրաք թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նշեց, թէ Իսրայէլը չ՛ատեր եւ այդ սահմանին վրայ խաղաղութիւն կ՛ուզէ: Կը կարծեմ, որ ատիկա...

«Ընտրական Օրէնքը Փոխելու Կարիքը Պէտք Է  Լիբանանցիներու Ձգտումները Բաւարարելու  Եւ Ներկայացուցչութիւնը Բարելաւելու Համար Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը

«Ընտրական Օրէնքը Փոխելու Կարիքը Պէտք Է Լիբանանցիներու Ձգտումները Բաւարարելու Եւ Ներկայացուցչութիւնը Բարելաւելու Համար Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Ընտրական օրէնքը փոխելու կարիքը պէտք է լիբանանցիներուն ձգտումները բաւարարելու եւ ներկայացուցչութիւնը բարելաւելու համար ըլլայ»: «Տեսած ենք որոշ դիրքորոշումներ, որոնք կոչ կ՛ուղղեն` երեսփոխանական ընտրութիւններու օրէնքի փոփոխութիւնը կապելու շրջանին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի խօսակցութիւններուն, որոնք, ըստ այդ դիրքորոշումներուն, շիի երեսփոխանական ներկայացուցչութեան իրողութեան փոփոխութիւն կը պահանջեն», նշեց կուսակցութիւնը: «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը, որ հիմնական համայնքի մը ներքին թիրախաւորման...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ի տարբերութիւն ոմանց կողմէ ներկայացուածին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ Այն Թինէի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած հանդիպումը լաւ եւ դրական էր»: . ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը կը գրէ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դրական դերակատարութիւն ունի շիի զոյգին մէջ իր գործընկերը համոզելու, որպէսզի դրական ընկալէ լիբանանեան իշխանութիւններուն պահանջը եւ որդեգրէ լուրջ յետհաշուարկ...

Ժահժահ. «Ապօրինի Զէնքի Յանձնումը Կրնայ  Այս Տարեվերջէն Առաջ Տեղի Ունենալ»

Ժահժահ. «Ապօրինի Զէնքի Յանձնումը Կրնայ Այս Տարեվերջէն Առաջ Տեղի Ունենալ»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր պահանջուածը երկրին մէջ բոլոր ապօրինի զէնքերը հաւաքել եւ լիբանանեան բանակին յանձնելն է, որպէսզի Լիբանան վերստին դառնայ ինքնին իրողական պետութիւն մը»: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն կը նախընտրէ «շատ հեզասահ մօտեցում մը»` աւելցնելով. «Ամէն ինչ իր ժամանակին ու սահմանին մէջ, եւ մենք վերջին հինգ...

Շէյխ Նայիմ Քասեմ.  «Կրնանք Իսրայէլին Դէմ Դնել»

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Կրնանք Իսրայէլին Դէմ Դնել»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց. «Մենք զինադադարը գործադրեցինք ամբողջութեամբ, իսկ իսրայէլացին եւ ամերիկացին չեն կրնար մեր վրայ որեւէ թերութիւն նկատել»` աւելցնելով. «Զինադադարը նոր փուլ մըն է, որուն անունը պետութեան պատասխանատուութիւնն է»: Անդրադառնալով զէնքի յանձնման հարցին` Քասեմ հարց տուաւ. «Խելք ունեցող եւ շիտակ մտածող մէկը կա՞յ, որ կը ջնջէ իր ունեցած ուժի ազդակները, երբ իսրայէլացին համաձայնութիւնը \չի գործադրեր եւ...

Պայրագտարեան «Առողջապահութիւն  Եւ Մարմնակրթութիւն» Խորհրդաժողովի Բացման Ներկայացուց Նախագահ Աունը

Պայրագտարեան «Առողջապահութիւն Եւ Մարմնակրթութիւն» Խորհրդաժողովի Բացման Ներկայացուց Նախագահ Աունը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան մասնակցեցաւ Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՊԱ-ի կազմակերպած «Առողջապահութիւն եւ մարմնակրթութիւն» խորհրդաժողովի բացումին` ներկայացնելով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը: Խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ «Պէյթ Թապիպ»-ի մէջ, ներկայութեամբ մասնագէտներու, վարչականներու եւ մարզիկներու: Բացման հանդիսութեան ընթացքին բժիշկները ներկայացուցին ընդհանրապէս մարմնակրթութեան եւ մասնաւորաբար պասքեթպոլին առնչուող առողջապահական խնդիրներ, որոնց նկատմամբ պէտք է զգուշ մօտեցում ցուցաբերել:

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Ռաժժի. «Զէնքի Նիւթը Պէտք Է Արծարծուի Նախարարութեան Խորհուրդին Մէջ, Եւ Կը Փորձենք Դիւանագիտութեան Ճամբով Իսրայէլը Հեռացնել Լիբանանէն»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի «Դէպի պետութիւն ուղին» խորհրդաժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանան վերադարձաւ իր հունին, սակայն անկէ կը պահանջուի շարք մը բաներ ընել, եւ մենք արաբական պետութիւններէն դրամ չենք ուզեր, այլ` լաւ յարաբերութիւններ եւ գործընկերութիւններու հաստատում»: «Չենք ուզեր, որ ոեւէ մէկը մեր ներքին հարցերուն միջամտէ կամ որեւէ պետութեան հարցերուն միջամտենք: Առաջին անգամ ըլլալով...

Քումաթի. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանան  Առանց Ուժի, Առանց Ինքզինք Պաշտպանելու  Կարողութեան Մնայ»

Քումաթի. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանան Առանց Ուժի, Առանց Ինքզինք Պաշտպանելու Կարողութեան Մնայ»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը այն կողմն է, որ յաղթանակ արձանագրեց, երկիրը կը պահպանէ, անոր ուժ կը պարգեւէ եւ զայն կը պաշտպանէ արտաքին թշնամիներէն»: «Պիտի չարտօնենք, որ Լիբանան առանց ուժի, առանց ինքզինք, իր բոլոր բաղադրիչ մասերով պաշտպանելու կարողութեան մնայ», աւելցուց Քումաթի: «Լիբանանի մէջ ամերիկեան բռնագրաւումը պէտք է վերջ գտնէ, այդ բռնագրաւումը քաղաքական որոշումի ճամբով ըլլայ,...

Շէյխ Քապալան. «Պետութիւնը Դատապարտելի Է,  Թերացած Է, Եւ Լիբանանի Վիզը Ոչ Ոքի Պիտի Յանձնենք»

Շէյխ Քապալան. «Պետութիւնը Դատապարտելի Է, Թերացած Է, Եւ Լիբանանի Վիզը Ոչ Ոքի Պիտի Յանձնենք»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց, որ բոլորը անակնկալի մատնուեցան, որ Իսրայէլ ազատօրէն կը գործէ «առանց գոյութիւն չունեցող պետութեան կողմէ որեւէ համեմատական պատասխանի, ուստի պահանջուածը պետութեան իր ժողովուրդը եւ գերիշխանութիւնը մասնաւորաբար գետի (Լիթանիի, «Ա.») հարաւին մէջ պաշտպանելու կարողութիւնը փաստելն է, ինչ որ բացառուած է, բացի եթէ հարաւային Լիբանանը, Պեքան եւ Հարաւային արուարձանները եւ անոնց բնակիչները Լիբանանի մաս չեն կազմեր»: «Պետութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ արշալոյսին հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Այթա Շաապ գիւղին մէջ տուն մը հարուածեց: . ԽՈՒՄԲ մը քաղաքայիններ Իպլ Սաքքա գիւղին մէջ արգելք հանդիսացան ՖԻՆԻՒԼ-ի պարեկութիւն կատարող ուժին, որովհետեւ անոր լիբանանեան բանակը չէր ընկերակցեր: Իպլ Սաքքայի քաղաքապետութիւնն ու բնակիչները դատապարտեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժի աշխատանքը խանգարելու դէպքը: . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, որ Լիբանան կը պատրաստուի...

Իսրայէլեան Օդուժը Բուռն Յարձակումներ Գործեց Հարաւային Լիբանանի Վրայ

Իսրայէլեան Օդուժը Բուռն Յարձակումներ Գործեց Հարաւային Լիբանանի Վրայ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարք մը յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Ալի Թահեր Տիմաշքիէ, Ժարմաք եւ Մահմուտիէ շրջաններուն վրայ: Ըստ «Նաշրա» լրատուական կայքին, իսրայէլեան օդուժը աւելի քան 20 յարձակումներ գործած է` օգտագործելով ցնցումային ռումբեր: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Լայնածաւալ օդային յարձակումներ անգամ մը եւս կը թիրախաւորեն ենթակառոյցներ` զանոնք վերաշինելու փորձեր նկատելէ ետք»: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի աւելի ուշ պնդեց, թէ...

Իլոն Մասք Նախագահ Աունին Հեռաձայնելով Փափաք Յայտնեց, Որ Իր Ընկերութիւնը Լիբանանի Մէջ Ներկայ Ըլլայ

Իլոն Մասք Նախագահ Աունին Հեռաձայնելով Փափաք Յայտնեց, Որ Իր Ընկերութիւնը Լիբանանի Մէջ Ներկայ Ըլլայ

Ամերիկեան «Թեսլա» ու «Սփէյս Էքս» ընկերութիւններու խումբի եւ «Էքս» ընկերային հարթակի գործադիր տնօրէն Իլոն Մասք հինգշաբթի կէսօրէ ետք հեռաձայնեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ յայտնեց, որ հետաքրքրուած է Լիբանանով եւ անոր հաղորդակցութիւններու ու համացանցի մարզով: Այս մասին հաղորդեց նախագահական պալատը: Մասք նաեւ փափաք յայտնեց, որ իր ընկերութիւնները ներկայ ըլլան Լիբանանի մէջ: Նախագահ Աուն ողջունեց, անոր փափաքը` ընդգծելով, որ լիբանանեան օրէնքներու...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Աշխատանքային  Ծրագիրը, Որուն Խորհրդարանի Կողմէ Քննարկումը  Տեղի Պիտի Ունենայ 25 Եւ 26 Փետրուարին

Կառավարութիւնը Նուազագոյն Ամսականներու Նշաձողը Բարձրացուց 28 Միլիոն Լ. Ո.-ի

Նախարարաց խորհուրդը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն աւարտին տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս  յայտնեց, թէ խորհուրդը վաւերացուցած է ժողովի օրակարգին վրայ գտնուող կէտերուն մեծամասնութիւնը, մասնաւորաբար պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործընկերութեան բարեփոխման շտապ օրինագիծը, ինչպէս նաեւ պաշտօնեաներու եւ աշխատաւորներու նուազագոյն ամսականներու նշաձողը յառաջիկայ ամսուընէ սկսեալ բարձրացուցած է 28 միլիոն լ.ո.-ի: Մըրքոս հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց. «Իսրայէլ պէտք է հեռանայ...

Page 113 of 986 1 … 112 113 114 … 986

Արխիւներ