Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Սքայ Նիուզ»-ին. «Հըզպալլայի հետ Լիբանանի համակարգուած պատասխանը պատրաստ է, զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ընդգծում կը ներառէ եւ միաժամանակ Լիբանանէն Իսրայէլի ամբողջական հեռացում»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ մեծ գործիչ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Զէնքի հարցին շուրջ քննարկումները Հըզպալլայէն մեր հաղորդակցած կողմերուն կողմէ շարք մը թղթածրարներու մէջ երաշխիքներ ստանալու պահանջին լոյսին տակ լուրջ փուլ մուտք գործեցին»:

. ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած է. «Երկխօսութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ (ամերիկեան յատուկ պատուիրակի) փաստաթուղթին Հըզպալլայի տեսակէտի ուղղուածութիւնը յստակ դարձաւ, սակայն վերջաւորութեան կան պատասխաններ, որոնք պետութիւնը պէտք է տայ ամերիկեան առաջարկին վերաբերեալ, եւ կը սպասուի, որ այդ պատասխաններուն շուրջ համաձայնութիւն ըլլայ»:

. ՇԻԻ երկեակէն աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Այս փաստաթուղթը (ամերիկացի պատուիրակին ներկայացուցած, «Ա.») իր ներկայ վիճակին մէջ ընդունելի չէ, ինչպէս նաեւ անթոյլատրելի է անով զբաղիլ «գաւազանի եւ ստեպղինի» քաղաքականութեան ծիրին մէջ կամ սպառնալիքներու տրամաբանութեամբ, կամ Հըզպալլայի վրայ ճնշում գործադրելով` մէկ օրէն միւսը պատասխան տալու պարտադրելու համար, որովհետեւ ատիկա տեղի պիտի չունենայ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ երեք աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան. «Հըզպալլան Իսրայէլի դէմ մղած քանդիչ պատերազմէն ետք սկսաւ կատարել ռազմավարութեան մեծ վերատեսութիւն մը, որ կը ներառէ սերտել իբրեւ զինեալ խմբաւորում իր դերի կրճատումը, առանց ամբողջովին զինաթափուելու»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ դեսպանի կոչում ստացած եւ երկիրներու մէջ դեսպան նշանակուած երեք խորհրդականներ մերժած են ստանձնել նախարարաց խորհուրդին կողմէ իրենց վստահուած դիրքերը` բողոքելով, որ նախարարութեան մէջ իրենցմէ ցած աստիճան ունեցող գործընկերներ աւելի կարեւոր երկիրներու մէջ դիրքերու վրայ նշանակուած են»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 4000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.580.000 լ.ո.-ի եւ 1.620.000 լ.ո.-ի: Մազութին գինը 19000 լ.ո.-ով նուազելով հասաւ 1.561.000 լ.ո.-ի: Պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 931000 լ.ո.:

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…

Յաջորդը

Պայրամ. «Հայրենիքին Նկատմամբ Նախանձախնդրութիւնը Ուժի Խաղաքարտերու Մսխում Չի Նշանակեր»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?